image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի մէջ. Հայրենակցական միութիւններու հաւաք

Պէյրութի մէջ. Հայրենակցական միութիւններու հաւաք

Օրերս Պէյրութի հայահոծ Պուրճ Համուտ շրջանին մէջ տեղի ունեցած է հայրենակցական միութիւններու հաւաք։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ազդակ» օրաթերթէն, որ այս մասին  մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

Երկուշաբթի, 17 յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ, միութեան կողմէ կազմակերպուած եւ հրաւիրուած էին համահայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչները` խորհրդակցական հանդիպումի մը:

Մարաշի հայրենակցական միութեան կողմէ կազմակերպուած այս նախաձեռնութիւնը կը միտէր վերաշխուժացնել հայրենակցական միութիւններու դերը եւ անոնց հայապահպանման աշխատանքին սատար հանդիսանալ:

Սոյն հանդիպումին ներկայ էին Այնթապի, Ամանոսի, Տէօրթեօլ-Չորք Մարզպանի, Տիգրանակերտի, Սիսի, Հաճնոյ, Կեսարիոյ, Պաղջէի, Լափաճի, Սասնոյ, Մարաշի, Պէրէճիկի, Ռումտիկին-Քելլելի, Զէյթունի, Էյպէզի եւ Բալուի հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչները:

Հանդիպումին բացման խօսքը արտասանեց եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութեան ատենապետ Ժան Մոմճեան: Ան նշեց, որ 2017-էն ի վեր Լիբանան կը դիմագրաւէ քաղաքական, տնտեսական, «Քորոնա» վարակի, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին բոլոր ցնցումները: Ան վերաշխուժացման եւ վերակազմակերպման կոչ ուղղեց ներկաներուն:

Այնուհետեւ հայրենակցական միութիւններէն իւրաքանչիւրը զեկուցեց իր միութեան այսօրուան պարզած վիճակին ու պայմաններուն մասին` թէ՛ վարչական, թէ՛ նիւթական, եւ թէ կազմակերպչական դժուարութիւններուն վերաբերող ընդարձակ զեկուցում ներկայացնելով:

Որոշուեցաւ, որ յառաջիկայ երկու ամիսներուն  իւրաքանչիւր հայրենակցական միութիւն վերադասաւորումներ կատարէ` վերաշխուժացնելու համար հայրենակցական միութիւններու կեանքը, ըլլայ սան որդեգրելու, ըլլայ աւանդութիւններ պահելու եւ պահպանելու, ինչպէս նաեւ արձանագրութիւն եւ կալուածներու օրինականացման աշխատանքները կատարելու առումով:

Առաջարկուեցաւ պարգեւատրումի ցանկ մը պատրաստել իւրաքանչիւր միութեան մէջ տարիներու վաստակ ունեցող հանգստեան կոչուած ազգայիններու եւ տարեկան համահայրենակցական ձեռնարկ մը կազմակերպել: