Պէյրութահայ Սեւակ Քեթենճեան Հայաստանի առաջատարմինչեւ 18 Խումբի մարզիչ նշանակուած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերացիայի կայքէջէն։
Կայքին մէջ նաեւ նշուած է, որ 2024 թուականի ամռան կայանալիք Եւրոպայի C դասակարգի առաջնութեան Հայաստանի մինչեւ 18 տարեկաններու հաւաքականը պիտի գլխաւորէ Սեւակ Քեթենճեանը։
Քեթենճեանը Պէյրութի Հ․Մ․Ը․Մ․-ի նախկին պասքեթպոլիսթ է: Այդ ակումբին մէջ գրանցած է շարք մը յաջողութիւններ: 2018 թուականին ան դարձած է Լիբանանի առաջնութեան ախոյեան եւ բաժակակիր: Որպէս մարզիչ՝ 2022-2023 թուականներուն ընդգրկուած եղած է Հայաստանի մինչեւ 16 տարեկաններու հաւաքականներու մարզչական շտաբին մէջ՝ օգնելով Զօրիկ Իսաճանիին:
2023-ին մասնակցած է ՖԻԲԱ-ի Եւրոպայի մարզչական վկայականի յատուկ ծրագրին։
Նշենք, որ Եւրոպայի C դասակարգի առաջնութիւնը տեղի պիտի ունենայ յուլիս 23-28-ը, Ալպանիոյ մէջ: