image

«Պատմութեան մէջ այս այցը մէկէ աւելի առումներով ուղենշային եւ թելադրական էր». Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան

«Պատմութեան մէջ այս այցը մէկէ աւելի առումներով ուղենշային եւ թելադրական էր». Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան

3 փետրուարին, Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը աննախընթաց այցի մը համար կը ժամանէր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Այցելութիւնը աննախընթաց էր, որովհետեւ առաջին անգամն էր, որ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ գլուխը՝ Պապը կ՚այցելէր Արաբական ծոցի կարեւորագոյն երկիրներէն մին։ Այցելութիւնը իր ամբողջին մէջ կը պարունակէր մէկէ աւելի «պատգամներ», որոնց ամենաուշագրաւը անշուշտ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ (քրիստոնէական եկեղեցիներու հզօրագոյնը) կողմէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն հանդէպ առկայ նախանձախընդրութիւնն էր։ Այստեղ պէտք է նշել, որ Վատիկանի կողմէ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներուն հանդէպ առկայ ուշադրութեան արմատները կ՚երթան մինչեւ 1997 թուականը, երբ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Պապը այցելութիւն մը կու տար Լիբանան։ Այցելութիւնը կը համարուէր պատմական, որովհետեւ այդ տարին ընթացք կ՚առնէր Լիբանանի համար յատուկ սինոդի մը աշխատանքները, որուն նպատակն էր ամէն գնով զօրավիգ կանգնիլ Լիբանանի քրիստոնէական համայնքներուն։

Ինչպէս գիտենք, այդ տարիներուն էր նաեւ, որ Լիբանանը դուրս կու գար քաղաքացիական պատերազմի հրդեհներէն։ Ճիշդ է, որ աւելի վերջ՝ 1997 թուականին, Լիբանան ականատես կ՚ըլլար ռազմական գործողութիւններու նոր շրջանի մը, սակայն ակներեւ էր արդէն, որ շրջանային ուժեր նպատակ դրած էին մեծ եւ կարեւոր ճիգեր գործադրել, որպէսզի լիբանանցիք քով-քովի գան եւ նստին համաձայնութեան սեղան։ Պատմական այս փուլին՝ Հռոմի Պապի այցելութեան օրերուն տեղի ունեցած միջոցառումներուն իր մասնակցութիւնը կը բերէր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Սարգիսեան, որուն հետ ալ կ՚ունենայի ուշագրաւ եւ շահեկան զրոյց մը։

Հարցազրոյցի ճամբով սրբազան հայրը լոյս կը սփռէր ոչ միայն Հռոմի Պապի այցելութեան, այլ նաեւ այդ երկրի՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իւրայատկութեանց, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութեանց հանդէպ առկայ հոգատար վերաբերմունքին վրայ։

*

 

-Սրբազան հայր, որպէս Արաբական Էմիրութիւններու առաջնորդ, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ երկրին մէջ ապրող քրիստոնեայ համայնքներու ընդհանուր իրավիճակին մասին։

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ծոցի տարածքաշրջանի այն իմաստուն ղեկավարութեան տակ գտնուող երկիրներէն մին է, որ լայն կարելիութիւն տուած է ընդհանրապէս բոլոր փոքրամասնութիւններուն ու յատկապէս քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց: Այս առումով կարելի է ըսել, թէ բոլոր եկեղեցիները, որոնք մեծ համայնք կը ներկայացնեն տարածքաշրջանէն ներս, ունեցած են իրենց կալւածները, որոնք տրամադրուած են կառավարութեան կողմէ եւ անոնց վրայ կառուցած են իրենց եկեղեցիները:

Այս առումով, մենք եւս, որպէս փոքրամասնութիւն եւ Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներ, մեր կաթողիկոսներու իմաստուն ղեկավարութեամբ եւ հեռատեսութեամբ՝ կարողացած ենք ունենալ մեր եկեղեցին ու եկեղեցւոյ կից գտնուող առաջնորդարանի կառոյցը։ Յիշեցնեմ, որ այդ կալուածը ունենալու խնդրագիրը պատրաստուած է 1995 թուականին, երբ երջանկայիշատակ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը շրջան կ՚այցելէր եւ կը հանդիպէր Շարժայի կառավարիչ Շէյխ Սուլթան պըն Մուհամմէտ Ալ-Քասիմիին հետ։ Վեհափառը այդ հանդիպման ժամանակ կը ներկայացնէր յատուկ խնդրագիր, որուն իբրեւ արդիւնք եւ պատասխան Շարժայի մէջ հայութեան կը տրամադրուէր կալուած մը, եւ անոր վրայ եկեղեցի մը կառուցելու իրաւունք։

1998 թուականին, ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու տարածքաշրջանէն ներս հայ համայնքը կ՚ունենար իր առաջին՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որուն 20-ամեակը հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ անցնող նոյեմբեր ամսուան ընթացքին:

Ըսեմ նաեւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը 1998 թուականին իր կատարած այցելութեան ընթացքին, այլ հողաշերտ մը ունենալու նպատակով կը դիմէր այս անգամ երկրի նախագահ Շէյխ Զայէտին, որուն իբրեւ արդիւնք հայութեան կը տրամադրուէր հողաշերտ մը, այս անգամ Ապու Տապիի մէջ եկեղեցի մը ունենալու մտադրութեամբ։ Աւելի ուշ գահաժառանգ Շէյխ Մուհամմէտ պըն Զայէտ Ալ-Նահեանի բարձր հրամանով, 2014 թուականին, տեղի կ՚ունենար Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ եւ առաջնորդարանի շէնքի օծումն ու բացումը՝ ձեռամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին:

Եկեղեցւոյ օծումը տեղի կ՚ունենայ դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին եւ նկատի ունենալով, որ մենք, որպէս հայ ժողովուրդ, կը գտնուէինք հայոց եղեռնի 100-ամեակի սեմին, հետեւաբար եկեղեցին կ՚անուանուի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի, ի յիշատակ մեր նահատակ ու սրբադասուած մէկուկէս միլիոն զոհերուն:

Կարելի է այստեղ շեշտել, որ հայ համայնքի ներկայութիւնը Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց տարածքաշրջանէն ներս ընթացք առած է Շարժայի Էմիրութենէն, 60-ական թուականներու երկրորդ կէսին: Սկզբնական շրջանին Էմիրութիւններ ապաստանող հայորդիները շրջան եկած են Սուրիայէն եւ Լիբանանէն եւ իրենց ճարտարութեան ու աշխատասիրութեան շնորհիւ, կարողացած են բարձր անուն եւ վարկ ձեռք ձգել այս հիւրընկալ երկրին մէջ։

Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ, որ անցնող տասնամեակներուն ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կարողացաւ դրական կապեր եւ յարաբերութիւններ մշակել երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ. բան մը որ մեծապէս նպաստած է, թէ հայութեան շնորհուի ամէն տեսակ դիւրութիւն ու մեր համայնքը կարողանայ լաւագոյնս դրսեւորել ինքզինք։


-Սրբազան հայր, անցեալ ամիս մենք ականտես դարձանք պատմական այցելութեան մը, երբ Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Ի՞նչ կը պատմէք այս այցելութեան մասին, որո՞ւ նախաձեռնութեամբ իրականացաւ այդ մէկը եւ Էմիրութիւններէն ներս գործող քրիստոնեայ համայնքերը ինչքանո՞վ մասնակցութիւն ունեցան Սրբազան Պապի այցելութեան։

Բնականաբար այդպիսի լայն կարելիութիւններ տրամադրող ու յատկացնող պետութիւն մը շատ պիտի ուզէր դառնալ ոչ միայն մշակութային կարեւոր կէտ, այլ նաեւ կրօնական երկխօսութեան ու համերաշխութեան կեդրոն։ Հետեւաբար Հռոմի Պապին նման բարձրաստիճան կրօնական առաջնորդի մը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութիւնը մէկէ աւելի իմաստներ կը պարունակէր իր մէջ։ Որքան որ տեղեկացուած եմ, Սրբազան Պապի այս այցելութիւնը երկու տարուան քրտնաջան աշխատանքի արդիւնք էր եւ Էմիրութիւններու ղեկավարութիւնը մեծ ճիգեր իրականացուց, որպէսզի ամէն իմաստով այցելութիւնը դառնայ յաջողուած ու ունենայ պատմական հնչեղութիւն։

Պատմութեան մէջ այս այցը մէկէ աւելի առումներով ուղենշային եւ թելադրական էր, որովհետեւ կը կայացուէր կրօններու եւ յատկապէս իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան ծիրէն ներս։ Այցի շրջանականերուն մէջ հրապարակուեցաւ յատուկ հաղորդագրութիւն, որուն տակ իրենց ստորագրութիւնը դրին մէկ կողմէ սիւննի աշխարհի ամենայառաջատար համարուող «Ալ Ազհար» կրօնական համալիրի ղեկավար Շէյխ Ահմէտ Ալ-Թայէպը եւ միւս կողմէ՝ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սրբազան Քահանայապետը՝ Ֆրանսիսքոս Պապը։ Անշուշտ այդ հաղորդագրութեան միտք բանին հիմնուած էր կրօններու միջեւ երկխօսութեան, մոլեռանդութեան դատապարտման ու հանդուրժող աշխարհ մը կերտելու կարեւորութեան վրայ։

Անշուշտ մենք եւս, որպէս այդ երկրի քրիստոնեայ բաղկացուցիչներէն մին, մեծապէս ողջունեցինք Պապի այցելութիւնը՝ վստահեցնելով, որ նման պատմական այցելութիւն մը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ոչ միայն Մերձաւոր Արեւելքի, այլեւ ամբողջ աշխարհի համար։


-Այցի կապակցութեամբ, ի՞նչ յայտագրեր նախատեսուած էին: Դուք մասնակցութիւն բերի՞ք այդ միջոցառումներուն:

Գլխաւոր երկու միջոցառումներ եղան։ Առաջինը՝ Իսլամ-քրիստոնեայ համագումարն էր, որ տեղի ունեցաւ 4 փետրուարին։ Ինչպէս վերը նշեցի, այդ համագումարի գլխաւոր երեք կազմակերպիչներն էին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Եգիպտոսի սիւննի համայնքին գլխաւոր կեդրոնին՝ «Ալ-Ազհար»ի Շէյխը եւ Վատիկանը։

Մենք՝ որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններ, մեր ներկայութիւնը ունեցանք եւ մասնակցեցանք թէ՛ Պապի այցելութեան նուիրուած համագումարին եւ թէ 5 փետրուարին Պապի հանդիսապետութեամբ մատուցուած Ս. Պատարագին:

Այս առումով, համագումարի ընթացքին ներկայացուցինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը՝ նուիրուած համագումարին, ինչպէս նաեւ ներկայացուցինք մեր համայնքը ու կաթողիկոսարանը՝ Պապի այցելութեան նուիրուած սուրբ եւ անմահ պատարագին:

 

Սագօ Արեան

«Ժամանակ»/Պոլիս