News.am Կայքէն կը կարդանք՝ թէ Արցախի պատերազմական գործողութիւններու առաջին օրը զոհուած է ջրագնդակի Հայաստանի հաւաքականի աւագ, 18-ամեայ՝ Հենրիկ Յակոբեանը: Ան օգոստոսին զօրակոչուած էր բանակ: Ծառայութիւնը կ'անցնէր Մարտակերտ, որպէս ականանետորդ:
Հենրիկ Յակոբեանի հայրը՝ Գուրգէն Յակոբեան ջրագնդակի Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն է: Հօր յորդորով զբաղած է ջրագնդակով, ընդգրկուած հաւաքական, նուիրուած մարզանքին, մարզուած եւ աշխատած հօր հետ, որպէս ջրագնդակի մարզիչ: Կեանքին նպատակները տնտեսագիտութեան հետ կապած էր:
Հենրիկ Յակոբեան զոհուած է 27 սեպտեմբերին, յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած Եռաբլուր:
Արցախեան պատերազմին նահատակուած մարզիկի կեանքի ուղիին մասին կը պատմէ Գուրգէն Յակոբեան:
«Ինծի բոլորը ընկեր Համիկ կ'ըսեն: Հենրիկն ալ ընկեր Համիկ կը սիրէր ըսել: Հենրիկը մեր միակ զաւակն էր, մեր տան միակ լոյսը: Երկար ժամանակ չեմ հաւատացած, որ զոհուած է, բայց մահէն 15 օր անց նոր գտած ենք անոր այրուած դին, այն ալ ԴՆԹ-ի (DNA) շնորհիւ:
Հենրիկին կեանքը անցած է սփորթով: Իր 18 տարուայ կեանքը նուիրեց սփորթին եւ ապրեցաւ սփորթով: 5-6 տարեկանին սկսած է զբաղիլ տարբեր մարզաձեւերով։ Քանի որ ես ջրագնդակի մարզիչ էի եւ իմ մասնագիտութեամբ սկսած էի իբր արհեստ զբաղիլ, որդիս առի իմ քովս:
Մարզաձեւի նկատմամբ սէրը կար, նուիրուած էր շատ: Վերջին տարիներուն արդէն դարձած էր Հայաստանի հաւաքականի անդամ: Մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր դպրոցի ու հաւաքականիին մէջ:
Հենրիկին հետ շատ կապուած էինք ես եւ մայրը, մասնաւորապէս իմ հետս այլ կապ ունեցած է. միշտ հետս եղած է, իմ աչքիս առջեւ՝ մարզումներուն, աշխատանքին եւ տունը միասին էինք: Իրմով շատ զբաղած ենք: Այնքան մեծցած էր, որ մեզի համար խորհրդատու էր արդէն, առանց իրեն որեւէ որոշում մեր ընտանիքէն ներս չէր կայացուեր:
Ես Հենրիկին իւրայատուկ դաստիարակութիւն տուած էի: Մանկութենէն սորվեցուցած էի, որ խիղճն ու բարի կամքը առաջնահերթ պէտք է ըլլան: Կ'ըսէի, որ թոյլերուն պէտք է օգնել եւ աղջիկներուն պաշտպանել: Այդ ոգիով ալ մեծցած էր»,- կը պատմէ զոհուած զինուորին հայրը:
Հենրիկ Յակոբեան ծնած է 17 յուլիս, 2002-ին, Երեւան: Յաճախած է Կարեն Դեմիրճեանի անուան թիւ 139 դպրոցը:
«Դպրոցը լաւ աշակերտ էր: Կը յիշեմ, որ դպրոցական տարիներուն ծնողական ժողովներէն մայրը միշտ հպարտ տուն կու գար: Միշտ օրինակ կը բերէին Հենրիկին՝ թէ՛ սորվելու տեսակէտէն, թէ՛ մարդկային արժանիքներու տեսակէտէն:
Օրերս մոմավառութիւն կար դպրոցը. չէք պատկերացներ աղջիկները ինչպէս կը սգային: Կ'ըսէին, թէ աննկարագրելի լաւ մարդ էր, ընկեր էր, օգնող եւ հասնող»,- կ'ըսէ հայրը:
«Զաւակի դաստիարակութեան հարցով ծնողը շատ մեծ նշանակութիւն ունի, բայց տղամարդ կը դաստիարակէ նաեւ մարզանքը, մասնաւորապէս, մեր մարզաձեւը՝ ջրագնդակը:
Հենրիկը մինչեւ վերջ նուիրուեցաւ մարզանքին, մարզուեցաւ մինչեւ վերջին օրը՝ բանակ երթալէն առաջ: Խմբային մարզաձեւը, հաւաքական զգացողութիւնը, ընկերոջը, խաղընկերոջը հասկնալու, հասնելու զգացողութիւնը. այս ամէնը մարզանքն է, որ կը կրթէ եւ կը դաստիարակէ:
Բարդ մարզաձեւ է, ջուրին մէջ մաքրութիւնն է միայն, որ կը խօսի մեր մարզաձեւին մէջ: Ով կը սկսի զբաղիլ եւ սիրել ջրագնդակը, կը հիւանդանայ այս մարզաձեւով: Հենրիկը «հիւանդացած էր» ջրագնդակով. առանց մարզումներու, առանց պայքարի, առանց իր խումբին, ընկերներուն ան իր կեանքը այլեւս չէր պատկերացներ: Պատահական չէ, որ իր ամենամօտ ընկերները ձեռք բերաւ մարզանքի ընդմէջէն:
Խումբին մէջ ան ինծի համար մարզիկ էր բոլորին պէս: Կը կարողանար խումբը համախմբել եւ կեդրոնացնել տալ մարզումներուն վրայ»,- կ'ըսէ մարզիչ հայրը:
Հենրիկ Յակոբեան բացի մարզանքէն, կեանքին մէջ կարեւորութիւն տուած է նաեւ բարձրագոյն կրթութեան:
«Քանի որ Հայաստանի մէջ ջրագնդակը 18 տարեկանէն ետք հեռանկար չունի, Հենրիկը շատ լաւ գիտակցելով եւ հասկնալով մարզաձեւի առկայ խնդիրները որոշեց, որ պէտք է ուսանի: Բանակ երթալէն առաջ ընդունուեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի տնտեսագիտութեան ֆակուլտետ: Շատ լաւ մաթեմատիկա գիտէր ու կ'ուզէր տնտեսագէտ դառնալ: Բարձր միաւորներով ընդունուեցաւ համալսարան, բայց չհասցուց ապրիլ ուսանողական կեանքով, չհասցուց երթալ համալսարան. գնաց բանակ:
16 տարեկանէն աշխատած է: Հետս միասին, որպէս մարզիչ կ'աշխատէր «Հիլզ» սփորթային համալիրի աւազանը: Կ'աշխատէր երեխաներու հետ ու կը զգայի, որ շատ մեծ սիրով կ'աշխատի, երեխաները շատ կը սիրէր: Անոնք ալ զինք կը սիրէին: Կ'ըսէին՝ «Հիլզի» Հենոն»,- կը յիշէ հայրը:
«13 օգոստոսին զօրակոչուեցաւ բանակ՝ Մարտակերտ: Գնաց բարձր զգացումով, գիտակցութեամբ եւ ուրախ: Ամէն օր կը զանգէր եւ կ'ըսէր, որ ամէն ինչ լաւ է: Պահանջկոտ չէր, ոչինչ կ'ուզէր ծառայութեան ընթացքին: Ծառայած է որպէս ականանետորդ:
1,5 ամիս ծառայեց, բայց այդ կարճ ժամանակահատուածին հասցուցած էր մեծ հեղինակութիւն վայելել զօրամասին մէջ»,- կը մանրամասնէ հայրը:
«Շատ երազանքներ ունէր, որոնց մասին կիսուած է ընկերներուն հետ: Ըսած էր՝ «Իմ ամենամեծ երազանքն այն է, որ հօրս ու մօրս լաւ ապրիլը տեսնեմ»: Միշտ կ'ըսէր, որ պէտք է լաւ ուսանի եւ լաւ մասնագէտ դառնայ ու լաւ գործ ունենայ: Եւս մէկ մեծ երազանք ունէր. մեծ ծերանոց կ'ուզէր կառուցել:
Հիմա այնպիսի ցաւի մէջ ենք, որ աննկարագրելի է, բայց Հենրիկով, իր կեանքով ու կեանքի պատմութիւնով հպարտ եղած եմ ու միշտ ալ կ'ըլլամ: Շատ ծրագիրներ ունիմ դեռ իրականացնելու, որ Հենրիկի պատիւը եւ յիշատակը վառ պահեմ: Կեանքի եւ մարզանքի մէջ ես դեռ շատ ընելիքներ ունիմ Հենրիկի համար, յանուն Հենրիկին»,- կը խոստովանի մարզիչ հայրը:
Հենրիկ Յակոբեան եղած է Արցախեան պատերազմի առաջին զոհերէն: Պատերազմը սկսելու առաջին գիշերը թշնամիին ԱԹՍ-ն հարուածած է զինուորներ տեղափոխող հանրակառքը, որու մէջ եղած է նաեւ Հենրիկը: Որդւոյն զոհուելու մասին ծնողները իմացած են քանի մը օր անց:
15 հոկտեմբերին, Յակոբեաններու ընտանիքը տեղեկացած է, որ զոհուած զինուոր Հենրիկ Յակոբեանի ԴՆԹ (DNA)-ի պատասխանը կը համընկնի հօր պատասխանին հետ:
«Տղուս դին այրուած գտած ենք: Մէկ անգամ գացինք, փնտռեցինք Մարտակերտի մէջ, չգտանք: Երկրորդ անգամ կը պատրաստուէինք մեկնիլ Արցախ, հետաքրքրուելու թէ ուր տարած են այդ 28 հոգին, երբ ճանապարհին զանգեցին եւ ըսին, որ Մեծամոր է եւ ԴՆԹ(DNA)-ի պատասխանը համընկած է:
Անկեղծ ասած՝ ես չէի հաւատար իմ որդւոյս զոհուելու լուրին: Պատերազմի 4-րդ օրը մեզի տեղեկութիւն եկաւ, որ Հենրիկը ողջ է, զինք տեսնող եղած է, իր հետ խօսող եղած է: Յետոյ պարզուեցաւ, որ երեք Յակոբեան Հենրիկ եղած է այդ զօրամասը: Իր մասին մեզի հասնող տեղեկութիւնները զուգադիպութիւն էր»,- կը մանրամասնէ Հենրիկ Յակոբեանի հայրը:
«Պատերազմը մեզմէ տարաւ ամենաթանկը: Ու այդպէս հազարաւոր երեխաներ: Արդէն հասկնալի էր, որ յաղթանակով պիտի չաւարտենք: Ես շատ նեղուած եմ միայն մէկ բանէ, որ այսքան զոհեր ունեցանք: Ես կորսնցուցի իմ միակ երեխան...
Իմ անձնական կարծիքով, եթէ պէտք է եռակողմ համաձայնագիրը ստորագրուեր, ուրեմն անմիջապէս պէտք է ամէն ինչ կատարուեր՝ առանց այսքան զոհերու: Պատերազմը պէտք չէ սկսեր: Փաստացի՝ մենք պատրաստ չէինք այս պատերազմին: Այս կատարեալ խելագարութիւն էր՝ պատերազմ ընել, ետքը ստորագրել համաձայնագիր եւ տալ հողերը: Ինչի՞ համար էր այսքան զոհ...
Այժմ իմ սփոփանքը իմ սաներն են: Պիտի շարունակեմ աշխատիլ երեխաներու եւ հաւաքականին հետ: Եթէ իւրաքանչիւրի մէջ փոքր ինչ Հենրիկ տեսնեմ, Հենրիկ դնեմ, ինծի համար այդ մեծ ձեռքբերում կ'ըլլայ»,- միտքը կ'ամփոփէ ընկեր Համիկը:





