«Վակներ» մասնաւոր ռազմական կազմակերպութեան ղեկավար Եւկենի Փրիգկոժինի ռազմական ապստամբութեան փորձէն ետք ՆԱԹՕ-ն կապ հաստատած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ։ Այս մասին գրած է La Repubblica-ն։
Հրատարակութիւնը հաղորդած է, որ դաշինքը կը վախնայ հնարաւոր միջուկային միջադէպէն, եւ այդ կապակցութեամբ ՆԱԹՕ-ի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ «ոչ պաշտօնական շփումներ» տեղի ունեցած է՝ կապուած «Վակների» իրավիճակի հետ։
ՆԱԹՕ-ի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է աւելի քան 1,4 հազար միջուկային մարտագլխիկներու վրայ։ Արեւմուտքը կ'ուզէր հասկցնել, որ իր ուժերը որեւէ դեր չեն ունեցած ապստամբներու գործողութիւններու մէջ:
Նշուած է, որ ապստամբութեան մասին լուրը տարածուելուն պէս առաջին յայտարարութիւնը եղած է «մագլցումի վտանգէն խուսափիլն» ու «միջուկային միջադէպ թոյլ չտալը»։
Ըստ La Repubblica-ի՝ դաշինքի շտաբի հետ կապ հաստատած անձանց շարքին եղած է նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն։