image

Մութաֆեան Պատրիարքը՝ վերջին իրաւատէրը Մելգոնեան կտակին

Մութաֆեան Պատրիարքը՝ վերջին իրաւատէրը Մելգոնեան կտակին

Այսօր ուղիղ 15 տարին կը բոլորենք այն օրէն, երբ   Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Կիպրոսի  Սանուց Միութեան ուշադրութեան յանձնուեցաւ  ել-նամակ մը, ուր յստակօրէն նշուած էր  ՙժամանակագրական ցանկ՚ մը, թէ ինչպիսի փուլերու պիտի ենթարկուէր Մելգոնեանի փակման արարողակարգը մինչեւ իր վերջին հանգրուանը:

Սանուց միութիւն եւ Մելգոնեանի բարեկամներ ամէն ճիգ ի գործ դրին կացութիւնը յստակացնելու մտադրութեամբ: Կիպրահայ կեանքին մէջ պատկառելի անձնաւորութիւններ փութացին դէպի հեռաւոր Ամերիկա ու Փարիզ հանդիպումներ կայացնելու համար Մելգոնեանի փակման վճիռը արձակողներուն հետ, գէթ լուծումներ որոնելու համար: Բոլորիս մօտ յստակ էր այլեւս, թէ Մելգոնեանի հորիզոնը սկսած էր մթագնիլ: Չէինք ուզեր հաւատալ այն բոլոր իրողութիւններուն, որոնց ականատեսն ու ականջալուրը կը հանդիսանայինք:

Մինչ մէկ կողմէ կը շարունակուէին տխուր տարաձայնութիւններ, միւս կողմէ` ուրացումներ կալուածներու վաճառքին մասին, 16 Մարտ 2004-ի վաղ առաւօտեան դաշոյնը արդէն իսկ խրած էր Մելգոնեանի սրտին` մահուան դատապարտելով կտակ մը, եւ հայ յաջորդ սերունդներու հայեցի կրթութեան ապագան:

Կիպրոսի Սանուց Միութիւնը ոչ մէկ ճիգ խնայեց լուծումի համար: Դիմեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին  եւ հոն ուր հասանելի եղաւ իր ձայնը,  գործադրեց ամէն ճիգ, սակայն անդին ՙժամանակագրական ցուցակ՚ը, որ ունէինք, կէտ առ կէտ կը գործադրուէր, նոյնիսկ օտար մամուլի մէջ այդ ուղղութեամբ զետեղուած յայտարարութիւններով:

16 Մարտ 2004: Սեւ թուական մը մելգոնեանցիներու եւ աշխարհասփիւռ հայութեան յիշողութեան մէջ: Հաստատութեան տնօրէնուհին հանդիսասրահ հաւաքելով աշակերտութիւնը, ուսուցչական կազմն ու պաշտօնէութիւնը, կը փոխանցէր Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի միաձայնութեամբ կայացուցած որոշումը` փակելու համար Մ.Կ.Հ.:

ՙՄելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը (Մ.Կ.Հ.), իբրեւ Հ.Բ.Ը. Միութեան նշանակալից ու պատմական մէկ կրթարանը, տարիներով մտահոգութեան առարկան դարձած է Կեդրոնական Վարչութեան: Յետ սպառիչ խորհրդակցութեանց եւ ամբողջական վերարժեւորումի, Կեդրոնական Վարչութիւնը միաձայնութեամբ որոշած է փակել Մ.Կ.Հ.-ը Յունիս 2005-ին: Այս որոշումը գլխաւորաբար հետեւանք է այն համոզման, թէ Մ.Կ.Հ.-ը այլեւս հայկական ներկայ իրականութեան մէջ չ՛արդարացներ իր հիմնական առաքելութիւնը: Խոր գիտակցութեամբ յարգելով Մելգոնեան եղբայրներու տեսլականն ու աւանդը, Կեդրոնական Վարչութիւնը վճռակամօրէն պիտի շարունակէ յաւերժացնել անոնց յիշատակը, Կիպրոսէն ներս թէ այլուր, միշտ գործելով անոնց` Միութեան հանդէպ կատարած նուիրատուութեան ոգիով՚:

 

* * *


Մելգոնեանի հանդիսասրահին մէջ տիրեց քար լռութիւն:

Հորիզոնը սկսած էր շիկանալ, եւ այդպէս բռնկեցաւ Մելգոնեանի արեւը...

Ահաբեկուած էին բոլոր սան-սանուհիները, անոնք ոչ միայն պիտի զրկուէին իրենց ուսումնառութենէն, այլեւ մռայլ հորիզոնով ապագայ մը իրենց կը հըրամցուէր: Մի՞թէ պարտաւոր էին անոնք ըմպելու այդ պահուն իրենց հրամցըւածը դառն բաժակը:

Պայքարի առաջին ազդանշանը բարձրագոռ հնչած էր: Երբ հանդիսասրահէն դուրս նետուեցան աշակերտները նման խելագարած ամբոխին. խայտաբըղէտ կրկէս մը ուրուագծուեցաւ հոն,  ողբերգութիւն մը կ՛ապրուէր օր ցերեկով Մելգոնեանի շրջափակէն ներս: Ուսուցիչներ ի մի հաւաքուեցան տեսչարան` խորհրդակցական հանդիպում մը ունենալու դպրոցի փակման սիմֆոնիի արարողութեան խմբավար ամերիկացի Կորտըն Անտերսընին հետ, որ մեզի` ուսուցիչներուս պիտի բացատրէր թէ ինչպէ՛ս պէտք է շալկէինք մեզի հրամցըւած ՙխաչ՚ը:

Կիպրոսի ամբողջ տարածքին, մինչեւ պետական հաստատութիւններ տեղեակ էին տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն, եւ իրենց ամբողջ էութեամբ ոչ միայն բարոյապէս սատար կանգնեցան Սանուցի պայքարի շարժումին, այլեւ իրենց ներկայութեամբ մասնակից դարձան ընդվզումի հաւաքին: Կը յիշեմ կրթութեան նախարարին մէկ խօսքը, որ արտասանեց Մելգոնեան բարերարներուն դամբարանին առջեւ. ՙՄելգոնեանը Կիպրոսի պատմութեան գիրքին մէջ իր ուրոյն տեղը ունի, մենք պատրաստ չենք նոյնիսկ էջ մը փրցընելու անկէ՚:

Մելգոնեանցիներ իրենց հոգիներուն խորքը կը զգային զիրենք դէպի անորոշութիւն տանող վտանգը: Անոնք անսանձ խոյանքով ոտքի ելած էին պաշտպանելու համար իրենց սիրեցեալ կրթարանը, ուր կ՛ուսանէին տակաւին: Բովանդակ Մելգոնեանը կ՛ապրէր վասն անոնց կրթութեան եւ ընդդէմ աղաղակող անարդարութեան պայքարելու ազատարար շունչով, անոնք իրենց հոգեկան ուժերու յուզական բռնկումն է, որ կ՛արտայայտէին...:

 

* * *

 

Նման փոթորկայոյզ օրերու մէջ էինք, երբ յանկարծ շեփոր մը  բարձրագոռ հնչեց Պոլսէն: Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Մութաֆեան զեկուցումով եւ հայրենի մամուլով կը յայտնէր իր մեկնաբանութիւնները Մելգոնեանի կտակին կապակցութեամբ:

ՙԿարապետ Մելգոնեան 1921-ին Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան կը փոխանցէր 400 հազար եգիպտական փաունտ արժողութեամբ նուիրատուութիւն մը, որ այդ ժամանակ 3.5 միլիոն ԱՄՆ տոլարով կþարժեւորուէր: Երանաշնորհ Զաւէն Պատրիարք Տէր Եղիայեան նոյն եկամուտով 1924-ին Նիկոսիոյ մէջ դպրոց մը եւ որբանոց մը կը հիմնէ եւ զայն կը կոչէ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն: 1925-ին, Զաւէն Պատրիարք Կիպրոսի համալիրն ու Մելգոնեան կտակի փողը ամբողջութեամբ կը փոխանցէ ՀԲԸ Միութեան: Այստեղ պէտք է անդրադառնալ, որ ՀԲԸՄ ամէն ինչ կը ստանայ Պոլսոյ Պատրիարքութենէն: 1926-ին, դատարանի միջոցով համաձայնագիր մը կը ստորագրուի Կարապետ Մելգոնեանի,  Զաւէն Պատրիարքի ու ՀԲԸ Միութեան միջեւ: Ըստ Համաձայնագրին, ՀԲԸՄ պէտք է բաց պահէ ու մատակարարէ Մեգոնեան կրթարանը եւ ամէն տարի Երուսաղէմի Պատրիարքութեան փոխանցէ 1000, իսկ Պոլսոյ Պատրիարքութեան   եգիպտական 1500 փաունտ, իսկ Աղեքսանդրիոյ համար մանկապարտէզ մը բանայ: 2004-ին սակայն, ՀԲԸՄ յայտարարեց, որ որոշում կայացուցած է փակելու Մելգոնեանը, որ ներկայիս Եւրոմիութեան մէջ գործող 12 տարուան միակ հայ դպրոցն է:... Ծրագիր կայ թէ Հայաստանի մէջ Մելգոնեանի ծրագրով նոր կրթահամալիր մը պիտի կառուցուի, սակայն նման ծրագիր մը իրագործելու համար անհրաժեշտ չէ Եւրոպայի մէջ պատմական դպրոց մը փակել: Մերազն ժողովուրդի զաւակները իրաւունք ունին սորվելու չէ՞: Կարապետ Մելգոնեան ազգասէր մարդ եղած է, իր հարստութիւնը Պատրիարքարանիս միջոցով իր ազգի զաւակներուն կտակած է: Ուստի Աւետարանի խօսքով, այսօր բոլորս ալ իրաւունք ունինք ըսելու. ՙՏու՛ր զհաշիւ տնտեսութեան քո՚:

Այսպիսին էր Մութաֆեան Պատրիարքի պրիսմակ կեանքը, որուն մէջէն կը գունարձակուէր բարիին, ճշմարիտին ու արդարին բոլոր երանգները: Ան խոնարհեցաւ դէպի երախան, պատանին,  երիտասարդին եւ իր սրտէն ու մտքէն տուաւ բոլորին: Նոյնիսկ ծրագրեր մշակեց յոռեգոյն պարագային համար, որ եթէ իրագործուի  արձակուած վճիռը, նոյնիսկ կարելի է առաջարկել որ եկեղեցականներու համար հոգեւոր կեդրոն մը կարելի հիմնել հոն, կամ Հայաստանէն երիտասարդ դիւանագէտներ գան ու  Եւրոպային բացուին իրենց մասնագիտական կրթութեամբ...:

Պատրիարք հօր խորհրդածութիւններն ու Մելգոնեանի կապակցութեամբ տարած աշխատանքը մելգոնեանցիներուն համար ոչ միայն գերգնահատելի էր, այլեւ յոյս ներշնչող խարիսխ մը, սակայն իր ՙանհանգստութիւնը՚ խաւարի մէջ ծածկեց լաւատեսութեան ամէն յոյս ու հաւատք:

 

* * *

 

Երեկոյեան երբ հնչեց սերտողութեան զանգըª աշակերտները չուզեցին սերտարան բարձրանալ: Զգալի էր անոնց հոգեվիճակը, ուսուցիչներունը` նոյնպէս: Տարօրինակօրէն, բոլորը ակամայ կ՛ուղղուէին դէպի դամբարան... ելք մը որոնելու, խնդրանք մը աղերսելու, աղօթք մը մրմնջելու բարերար եղբայրներուն հետ:

Այս մթնոլորտին ընդմէջէն ծնունդ առաւ խարոյկ վառելու գաղափարը: Բոլորս նստած դամբարանին առջեւ ճենճերող խարոյկին շուրջը, սակայն ոչ մէկ խարուկահանդէսի ուրախ երգ կը հնչէր հոն, այլ միայն քայլերգը` Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան: Այո՛, ՙԱնմահ լուսոյ՚ն, միա՛կ ճիչն էր այդ պահուն: Սակայն հաւաքուածները չկրցան երգել վերջին տողերը, ինչպէս սովորաբար կը ճչային... ՙԿրթարանի՛ն Մելգոնեան, փա՛ռք ու պատիւ յաւիտեան՚: Պարսկահայ Լուսինէն, Գառնին Ալիշիան, Աքսինիան ու Արինը  հայաստանցի իրենց դասընկերներէն` Վահրամէն, Լիլիթէն ու Դաւիթէն չէին ուզեր բաժնուիլ, պուլկարահայ Ժիրայրն ու Արտեոմը, ռումանահայ Ռոպերթան ու Յովիկը, Անգլիայէն Իուճինն ու Փիթըրը, Յունաստանէն` Սիմոնը, Յովիկն ու Տիանան պայքարելու ըմբոստ արտայայտութիւններ կ՛ունենային, լիբանանցի Կասիան, Մեղրին, Սեւակը եւ Արտօն մտահոգ իրենց ապագայով, իսկ կիպրահայ Փոլինը, Թաթիանան, Արմէնն ու իրենց ընկերները որոնք հակառակ որ առիթ ունէիին օտար վարժարան յաճախելու ինչպէս կիպրացիներու մեծամասնութիւնը կ՚ընէին, սակայն անոնք նախընտրած էին Մելգոնեան յաճախել, իսկ հիմա անարդարութեան ենթարկուած ըլլալու զգացումէն կը տառապէին, մինչ սպանահայ Այտան, որ դեռ նոր սկսեր էր հայերէն խօսիլ ու արտասանել ՙՀէ՜յ պարոններ, ականջ առեք թափառական աշուղին...՚, ան նոր ծնած էր հայութեան մկրտարանին մէջ, յուզախառն ձայնով ինծի դառնալով կը հարցնէր. ՙՏիկի՛ն, ես հիմա հայերէնո՞վ կու լամ՚:


***

 

Այսօր տասնհինգ տարի անցաւ այն օրէն, երբ խարոյկը դադրեցաւ մխալէ, սակայն մելգոնեանցիներուն մէջ այդ լոյսին փառքը անշէջ մնաց:

Աւա՜ղ, որ վերջին սերունդի մելգոնեանցիներուն կեանքի բաժինն եղաւ աւելի դառնութիւն, քան շրջանաւարտից փառաւոր հանդիսութիւն:

Մելգոնեանի բոլոր սաները, ուր որ ալ գտնուին այսօր, վստահ եմ, որ լաւ կ՛ըմբռնեն այս գերագոյն ճշմարտութիւնը եւ հոգիով ու սրտով կապուած կը մնան այս լոյսի փառքի աղբիւրին` Մայր Տաճար Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան:

Պատրիարք սրբազանը իրաւասու էր հաշիւ պահանջելու. երբ այսօր չկայ ան, Բարեգործականի վերին ղեկավարութեան պարտքն է համարատուութիւն կատարել հանրութեան: Եթէ չկառուցուեցաւ համապատասխան կրթահամալիր հայրենիքի մէջ` ի՞նչ նպատակի համար կը գործածուին Մելգոնեան կտակին եկամուտները:

 

Պայծիկ Գալայճեան

«Պայքար»/Նիւ Եորք