Միացեալ Նահանգներու Մէջ Իր Մահկանացուն Կնքեց Յարութ Տէֆտէրտէրեան (Տէֆտէր Յարութ)

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Իր Մահկանացուն Կնքեց Յարութ Տէֆտէրտէրեան (Տէֆտէր Յարութ)

Վերջին  20  տարիներուն  Միացեալ Նահանգներ ապրող  Տէֆտէրտէրեան ծնած է  Պէյրութ  1958-ին:   Կանուխ տարիքէն  կ'անդամակցի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան     Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան (ԼԵՄ)շարքերը, ուր մասնակցութիւն կը բերէ  հայկական թաղամասերուն պաշտպանութեան   աշխատանքներուն: Ինքնաշխատութեան  շնորհիւ Յարութ, որ ընկերական  շրջանակներուն մէջ    յայտնի էր, որպէս Տէֆտէր Յարութ  անունով,      կ'ուսումնասիրէ իր   նախասիրած կուսակցութեան    պատմութիւնը  եւ       կարեւոր գիտելիքներ ձեռք կը բերէ     մեր  ժողովուրդի ազատագրական պայքարի մասին:  Համոզումով Դաշնակցական  Տէֆտէրտէրեան      մինչեւ վերջին  պահը       հաստատուն մնաց իր գաղափարական   դաւանանքին  մէջ: Ան   կը պատկանի այն սերունդին, որ    Պէյրութը  հարուածած  քաղաքացիական  պատերազմի ամէնէն  թէժ    տարիներուն       յաճախ կեանքի գնով պահպանեց հայկական   շրջանները եւ      ամբողջանուէր  կեցուածքներով   նոր փայլուն էջ մը աւելցուց Լիբանանահայ գաղութի ոսկեայ տոմարին մէջ:   Տէֆտէրտէրեանի յուարկաւորութիւնն ու թաղումը պիտի կատարուին  Լոս Անճելոսի մէջ: