Հալէպի «Ալթունեան» հիւանդանոցի սեփականատէր բժիշկ Խաչիկ Գարապաճաքեանը մէկ ամիս առեւանգուած մնալէ ետք, ազատ արձակուած է: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրի համաձայն, բժիշկ Գարապաճաքեան 35 օրեր առաջ իր «Մերսետէս սթէյշըն» մակնիշի ինքնաշարժով Սէլմիյէի շրջանի մօտ առեւանգուած էր ահաբեկիչ զինեալներու կողմէ: Բժիշկի անհետացման օրէն ի վեր ոչ մէկ տեղեկութիւն կար իր մասին: Այսօր, անոր առեւանգումէն 35 օրեր ետք ան ազատ արձակուած է սուրիական բանակի ճիգերով եւ առանց ոչ մէկ փրկագին վճարելու: