Լիբանան- Գալիք շաբաթավերջին Լիբանանը հարուածող տաքի ալիքը պիտի հասնի իր գագաթնակէտին: Ըստ քաղաքացիական պաշտպանութեան աղբիւրներուն յառաջիկայ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն Լիբանանը հարուածող տաքի ալիքը սաստկանալով պիտի գրանցէ Սէլսիոս 42 աստիճանը: Թուրքիայէն դէպի Լիբանան հասնող ջերմութեան բարձր հոսանքները կրնան աւարտիլ անձրեւներով, որոնք իրենց հերթին կրնան երկրին մէջ հեղեղներ ստեղծել յատկապէս Պեքաա շրջանէն ներս: