Արմատներով լիբանանցի Միկէլ Լիոն Մեքսիքոյի հաւաքականի կազմին մէջ իր մասնակցութիւնը բերած է Մոնտիալի խաղերուն Գերմանիոյ դէմ կայացած հանդիպման, ուր Մեքսիքօ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ տարին:
«Lebanon 24» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Լիոն սպանական Սեւիլիա խումբի խաղացողներէն է: Ան նաեւ Մեքսիքոյի հաւաքականին հետ իր մասնակցութիւնը բերած է 2014 թուականի Մոնտիալի խաղերուն:
Լիոն ծնած է Լիբանանի Աքքար շրջանի Պէյթ Մալաթ գիղը, 1988 թուականի յունիսի 25-ին: Ան Մեքսիքոյի հաւաքականին հետ առաջին միջազգային մրցումին մասնակցած է 2013 թուականին, որմէ ետք դարձած է խումբի հիմնական խաղացողներէն: