image

Կոչ՝ կիպրաբնակ մելգոնեանցիներու

Կոչ՝ կիպրաբնակ մելգոնեանցիներու

 Հոկտեմբեր 16-ին եւ 17-ին, Կիպրոս պիտի ժամանեն ֆիլմի լիբանանահայ բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեան եւ նկարահանման խումբ մը, որոնք ՄԿՀ Լիբանանի Սանուց Միութեան առաջադրանքով վաւերագրական ֆիլմ մը կը պատրաստեն Մայր Կրթարանին մասին։ Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերը՝ կէսօրէ առաջ, իսկ Ուրբաթ օրը՝ նաեւ երեկոյեան, պիտի նկարահանուին խմբային տեսարաններ, որոնց ընթացքին, տարբեր սերունդի մելգոնեանցիներ պաշտամունք պիտի մատուցեն, երեկոյեան ընկերային մտերմիկ պահ մը անցընեն, ցերեկին՝ ճեմեն պուրակին եւ շրջափակին մէջ եւ յուշեր պատմեն, երգեն, յիշեն եւն.։ Կոչ կ'ուղղենք կիպրաբնակ մելգոնեանցիներու, որ ըստ յարմարութեան, վերոյիշեալ ժամերուն գտնուին Հաստատութենէն ներս, մասնակցելու նկարահանումներուն, ի յաջողութիւն այս աննախընթաց եւ կարեւոր նախաձեռնութեան։ ՄԿՀ Լիբանանի Սանուց Միութիւն