image
Հրատապ լուրեր:

Kunhadi Կազմակերպութիւնը Մեսրոպեան Վարժարան Այցելեց

Kunhadi  Կազմակերպութիւնը   Մեսրոպեան   Վարժարան  Այցելեց

6   Հոկտեմբեր 2015-ին, Լիբանանի մէջ ճանապարհային ապահովութեան գիտակցութիւն տարածող Kunhadi կազմակերպութեան աշխատակիցները Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներուն դասախօսեցին ճանապարհային երթեւեկութեան կանոններուն եւ ճանապարհային արկածներու պատճառներուն ու անոնց հասցուցած վնասներուն մասին:Kunhadi-ի աշխատակիցները աշակերտներուն դիտել տուին, , որ ճանապարհային ապահովութեան համար անընդունելի պէտք է համարուի ոգելից խմիչք օգտագործած վիճակի մէջ ինքնաշարժ վարելը, որ Լիբանանի մէջ առաջնային պատճառներէն մէկն է ինքնաշարժի  արկածներուն: Անոնք նաեւ հաստատեցին, որ ինքնաշարժը արտօնուած չափէն աւելի արագ քշելուն մէջ հաճելի ու հետաքրքրական ոչ մէկ բան կայ, այլ ընդհակառակը, անիկա կրնայ յանգիլ ցաւալի կորուստներու: Աշակերտներուն բացատրուեցաւ մանաւանդ ինքնաշարժի ապահովութեան գօտին օգտագործելու կարեւորութիւնը, որպէս կարեւոր կանխարգելիչ միջոց ֆիզիքական վնասներու, արկածներու պարագային: Բացատրութեան համար Մեսրոպեան բերուած էր ինքնաշարժի նմանակ մը, որուն վրայ աշակերտները գործնականօրէն շօշափեցին խնդրին կարեւորութիւնը:

Դասախօսական սոյն շարքով Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը կը հետապնդէր զարգացնել աշակերտներուն գիտակցութիւնը՝ ճանապարհային ապահովութեան խնդիրներուն մասին:

Նշենք, որ Kunhadi կազմակերպութեան ներկայացուցիչները ներկայ էին Մեսրոպեանի մէջ յետ-դպրոցական պարապմունքներու (after school) ծրագրի բացման օրը, 1 Հոկտեմբերին. անոնք այդ օր եւս Մեսրոպեանի աշակերտներուն հետ կատարեցին աշխատանքներ՝ իրենց առաքելութեան վերաբերեալ:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի