image
Հրատապ լուրեր:

Խուզարկուած է Թրամփի առաձնատուներէն մին

Խուզարկուած է Թրամփի առաձնատուներէն մին

Հետաքննութիւններու դաշնային բիւրոյի գործակալները խուզարկութիւն իրականացուցած են ԱՄՆ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփին պատկանող տուներէն մէկուն մէջ։ Այս մասին հաղորդած է Reuters գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Թրամփի յայտարարութեան։

«Համապատասխան պետական մարմիններու հետ աշխատանքէն ու համագործակցութենէն ետք այս չյայտարարուած ստուգայցն իմ տուն ոչ անհրաժեշտ էր, ոչ ալ տեղին», - նշած է ԱՄՆ նախկին նախագահը։

Թրամփի խօսքով՝ Ֆլորիտա նահանգի Փալմ Պիչ քաղաքին մէջ գտնուող իր Մար-ա-Լակօ կալուածքին մէջ Հետաքննութիւններու դաշնային բիւրոն խուզարկութիւն կատարած է 8 օգոստոսին, որու ժամանակ բացած են նոյնիսկ չհրկիզուող պահարանը։ 

Ինչպէս կը հաղորդէ The New York Times-ը՝ յղում ընելով հետաքննութեան ընթացքին ծանօթ աղբիւրներուն, խուզարկութիւնը իրականացուած է նախկին նախագահի տան մէջ գտնուող գաղտնի փաստաթուղթերու համար։

«Խուզարկութիւնը կեդրոնացած էր այն նիւթերու վրայ, որոնք պարոն Թրամփն իր հետ իր անձնական ակումբ ու նստավայր Մար-ա-Լակօ բերած էր Սպիտակ տունը լքելու ժամանակ։ Արկղերու պարունակութեան ծանօթ մարդու խօսքով՝ անոնց մէջ գաղտնի փաստաթուղթերու բազմաթիւ էջեր էին», - գրած է թերթը։

Պարբերականի տուեալներով՝ Ազգային արխիւի պաշտօնեաներու պահանջէն ետք Թրամփն ամիսներ շարունակ յետաձգած է կարեւոր նիւթերով 15 տուփի վերադարձը եւ աւելի ուշ վերադարձուցած էր միայն այն ժամանակ, երբ սպառնացած են վերադարձման համար միձոցներ ձեռնարկել։

Հետախուզութիւնը իրականացուած է վստահ ըլլալու համար, որ այլ փաստաթուղթեր չեն մնացած նախկին նախագահին մօտ: