Եթէ Ռուսաստանը դաւանէր «պատերազմի մէջ, ինչպէս պատերազմի մէջ» սկզբունքը, պատասխանը ջախջախիչ կ'ըլլար, յայտարարած են ՌԴ ԱԳՆ-էն՝ մեկնաբանելով Մի -24 ուղղաթիռի կործանման մասին Ռուսաստանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլիի խօսքերը:
Աւելի վաղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Պիւլպիւլօղլին, խօսելով ռուսական Մի-24-ի կործանման մասին, ըսած էր, որ «պատերազմին մէջ, ինչպէս պատերազմին մէջ, ամէն ինչ կրնայ պատահիլ»:
«Սա մեծ սխալ է: Եթէ Ռուսաստանը դաւանէր «պատերազմի մէջ, ինչպէս պատերազմի մէջ» սկզբունքը, ապա պատասխանը ջախջախիչ կ'ըլլար: Մոսկուան, այնուամենայնիւ, ընդունեց Պաքուի խօսքերը՝ մեղքը ընդունելու եւ ներողութիւն խնդրելու մասին»,- լրագրողներուն ըսած են ԱԳՆ-էն՝ արձագանգելով ըսուածին:
«Մենք կ'ակնկալենք, որ հետաքննութիւն իրականացնելու եւ պատասխանատուները պատժելու մասին նախագահ Ալիեւի հաւաստիացումները շուտ կը կատարուին: Մենք կը յուսանք, որ ատրպէյճանական կողմը այլեւս իրեն ոչ մէկ երկիմաստ յայտարարութիւն թոյլ կու տայ ողբերգական միջադէպի կապակցութեամբ»,- ըսած է ՌԴ ԱԳՆ-ը, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստին»: