image

Կայացաւ վաղամեռիկ ուսուցչուհի Շողիկ Հանտեանի յիշատակին Ասմունքի տարեկան մրցումը

Կայացաւ վաղամեռիկ ուսուցչուհի Շողիկ Հանտեանի յիշատակին Ասմունքի տարեկան մրցումը

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ կայացաւ վաղամեռիկ ուսուցչուհի տիկին Շողիկ Հանտեան-Խաչերեանի յիշատակին նուիրուած ասմունքի համանուն մրցումը, մասնակցութեամբ նախակրթարանի աշակերտներուն: 6 Մարտ 2019-ին “Յովհաննէս Պօղոսեան” սրահին մէջ կայացած մրցումին ներկայ էին ծնողներ եւ տիկին Շողիկին հարազատները:

Մրցումը կայացաւ Ուսուցչաց տօնի հանդիսութիւններու շրջագիծին մէջ. հաշուի առնելով, որ տարին կը զուգադիպի “Ամենայն հայոց բանաստեղծ” Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին, նախակրթարանի հայերէնի ուսուցիչները մասնակիցներուն համար ընտրած էին անոր հեղինակութեամբ քերթուածներ: Մրցումին մասնակցեցան 5-6-րդ դասարաններու 12 աշակերտներ, որոնց բոլորին ալ կատարումներուն մէջ ընդգծուեցաւ լուրջ պատրաստուածութիւնը: Դատական մարմինը, որուն անդամ էին յայտնի ասմունքող տիկին Անի Եփրեմեան, բեմադրիչ Վազգէն Մուղալեան եւ վարժարանի ուսուցիչ պարոն Վաչէ Թազեան, առաջին մրցանակը շնորհեցին 6-րդ դասարանի աշակերտուհի Արտա Ներսէսեանին: Գեղարուեստական մասով ելոյթ ունեցան վարժարանի “Ծիծեռնակ” երգչախումբը, ղեկավարութեամբ պարոն Մանուէլ Քէշիշեանի, եւ երեք աշակերտներ` դաշնամուրի վրայ:

Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առին նախակրթարանի պատասխանատու տիկին Սալբի Մուղալեան, դատական մարմնի ներկայացուցիչ տիկին Ա. Եփրեմեան, հանգուցեալ Շողիկ Հանտեանի եղբայրը` Յակոբ Հանտեան եւ հուսկ` Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Անոնց խօսքերուն մէջ տիրական միտքը այն էր, որ նման միջոցառումները կու գան փաստելու, որ վաղամեռիկ ուսուցչուհիին ոգին կենդանի է Մեսրոպեանի մէջ, եւ անոր ցանած սերմերը օր օրի կ’աճին այն գաղափարներով, որոնց ծառայեց ան երկար տարիներ` հաւատքով, անձնուիրաբար եւ ձեռնհասօրէն: Մեսրոպեանի աշակերտները հայերէնի մէջ իրենց ջանասիրութեամբ իրենք է, որ մեծագոյն մեծարումը կը կատարեն Տիկին Շողիկին եւ անոր վաստակին ու կ’անմահացնեն անոր յիշատակը` վարժարանին մէջ:


Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի