Արտաքին գործոց նախարարութեան հակափտածութեան համակարգող Ռիչըրտ Նեֆիուն մտադիր է յունուար 15-էն 18-ը այցելել Հայաստան եւ Վրաստան։
Այս մասին ըսուած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
Ինչպէս ըսուած է փաստաթուղթին մէջ, «երկու երկիրներուն մէջ ան պիտի քննարկէ փտածութեան դէմ պայքարին մէջ ձեռնարկուած միջոցառումներն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ պիտի բացայայտէ հետագայ համագործակցութեան ոլորտները»։
Հայաստանի մէջ Նեֆիուն պիտի հանդիպի պաշտօնեաներու, այդ շարքին՝ իրաւապահներու, իսկ Վրաստանի մէջ՝ հակափտածութեան ծառայութիւններու եւ քննչական մարմիններու պաշտօնեաներու եւ ներկայացուցիչներու հետ։