image

Կարեւոր քայլ Դամասկոսի մօտ. Ալ Մահտամիյա շրջանը անձնատուր եղաւ

Կարեւոր քայլ Դամասկոսի  մօտ. Ալ Մահտամիյա  շրջանը      անձնատուր   եղաւ

2013 թուականէն ի վեր Սուրիոյ բանակի պաշարման տակ  գտնուող   Դամասկոսի  գիւղական  «Ալ Մահտամիյէ» շրջանը  այսօր պիտի դատարկուի: Ըստ  BBC Arabic կայանին, ընդդիմադիր զինեալներ համաձայնութեան եկած են    Սուրիոյ բանակի ղեկավարութեան հետ եւ իրենց զէնքերը  յանձնելէ ետք պիտի շարունակեն մնալ այդ շրջանին մէջ: Յիշեցնենք, որ ասկէ շուրջ շաբաթ մը առաջ  նոյնը տեղի ունեցած էր Դամասկոսի  Տարաեա շրջանին մէջ, ուր տեղի  բնակիչները    տարուած էին  այլ  ապահով շրջան, իսկ ընդդիմադիր զինեալները տարհանուած էին դէպի Իտլիպ:  Ի տարբերութիւն Տարայային, Մահտամիյա  շրջանը      կը   շարունակէ մնալ բնակելի, որովհհետեւ  հոն  ծանր   մարտեր չեն մղուած ու քաղաքի  ենթակառուցուածքը այլ գաւառակներու նման չէ քանդուած: Ամէն պարագայի Սուրիոյ  իշխանութիւններուն համար կարեւոր այս  քայլը   կը բանայ նոր  էջ մը՝ Դամասկոսի  մերձակայ  գիւղերուն մէջ նախնական համաձայնութիւններ  կնքելու, անշուշտ ընդդիմադիր այն   հատուածներուն  հետ, որոնք պատրաստ են առողջ եւ անարիւն   տիալոկի: