image

Կարէն Վարդանեանի Սպաննութեան Գործով Երկու Մեղադրեալ

Կարէն   Վարդանեանի Սպաննութեան Գործով Երկու Մեղադրեալ

Կարէն   Վարդանեանի  սպաննութեան  գործով  գլխաւոր մեղադրեալ կը համարուի      զոհի  հարեւան  22 -ամեայ  Գէորգ Զոհրապեանը:   Յայտնենք,  որ Վարդանեանի դին այս առաւօտ  յայտնաբերուած էր   Զոհրապեանի   ինքնաշարժ- տնակին մէջ:   Ոճիրին  մասին  կարեւոր   տեղեկութիւններ հաղորդած է աքթիւիսթ եւ  «Իրազեկ քաղաքացիներու  միաւորում» միութեան   Դանիէլ Եոհանիիսեանը, որուն  ըսելով  սպաննեալ Վարդանեան      դրամական  վարկի   հարց մը ունէր եւ այդ խնդրի լուծման  համար     իր տունը   գրանցած էր      հարեւանին    անունով:   կը հաղորդուի  նաեւ, որ սպաննութեան գործին մասնկացած է      Գէորգ Զոհրապեանի      Արթուր Միհրանեան    անունով  ծանօթը: Անցնող 17  Փետրուարէն ի վեր  Վարդանեան անյետացած էր ու վարկածներ կը շրջէին, որ ան աշխատանքի  համար  մեկնած է   Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:  Հայրենի   ընկերային ցանցերու  վրայ Վարդանեանի  սպաննութեան դէպքը  բողոքի  լայն ալիք մը ստեղծած է:  Իրաւագէտ  Կարէն Վարդանեան  անդամ էր «Իրազեկ  Քաղաքացիներու   Միաւորում»  հասարակական   կազմակերպութեան: