image
Հրատապ լուրեր:

Կանխուած է ծխախոտի մեծ քանակի ապօրինի արտահանում՝ Հայաստանէն Ռուսիա

Կանխուած է ծխախոտի մեծ քանակի ապօրինի արտահանում՝ Հայաստանէն Ռուսիա

Պետական եկամուտներու կոմիտէի մաքսանենգութեան դէմ պայքարի վարչութիւնը մշտապէս վերահսկողութիւն կ'իրականացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանով ներմուծուող եւ արտահանուող ապրանքներու օրինականութեան նկատմամբ։

Օրերս ՊԵԿ մաքսանենգութեան դէմ պայքարի վարչութեան Գուգարքի տարածաշրջանային բաժնի եւ ԱԱԾ Տաւուշի մարզային վարչութեան Նոյեմբերեանի բաժնի աշխատակիցներու կողմէ համատեղ ձեռնարկուած միջոցառման արդիւնքով տեղեկութիւններ ստացուած էին, որ ՀՀ քաղաքացի Ռ.Մ-ն կը պատրաստուի մաքսային հսկողութենէն թաքցնելու կամ ապրանքները ոչ իրենց անուամբ յայտարարագրելու եղանակով Հայաստանէն Ռուսիա արտահանել ծխախոտային մեծ քանակի արտադրանք։

Ստացուած տեղեկութիւններու իսկութիւնը ստուգելու նպատակով ՊԵԿ մաքսանենգութեան դէմ պայքարի վարչութեան Գուգարքի տարածաշրջանային բաժնի աշխատակիցները մաքսային հսկողութեան ենթարած են Հայաստանէն Ռուսիա ուղեւորուող, տուեալ քաղաքացիի կողմէ շահագործուող բեռնատար մեքենան, որու բեռնախցիկին մէջ յայտնաբերած են չյայտարարագրուած եւ առանց հայկային դրոշմանիշերու ընդհանուր թիւով 199 հազար տուփ ծխախոտ։

Իրականացուած հսկողութեան շնորհիւ պարզուած է, որ քաղաքացին նախապէս յայտարարագրման ներկայացուցած է 8 թոն 240 քկ համաքաշով քարեր, որմէ ետք  աւարտելով ապրանքներու յայտարարագրման գործընթացը՝ ուղեւորուած է դէպի սահմանային անցակէտ՝ անոնք Ռուսիա արտահանելու նպատակով: Վերջինս, սակայն,  մինչեւ սահմանային կէտ հասնիլը առանց մաքսային մարմնի թոյլտւութեան բացած է բեռնատարի դռները եւ յայտարարագրուած քարերու մէկ մասը բեռնաթափած՝ անոնց փոխարէն բեռնելով  շուրջ 4.630  քկ քաշով՝ թուով 199 հազար տուփ չյայտարարագրուած եւ առանց հարկային դրոշմանիշերու ծխախոտ։

Փաստի առթիւ, ՀՀ մաքսային օրէնսգիրքի 196-րդ, 197-րդ, 198-րդ եւ 203-րդ յօդուածներու իրաւախախտման յատկանիշներով նախապատրաստուած են նիւթեր, որոնք տրամադրուած են  Պետական եկամուտներու կոմիտէի իրաւաբանական վարչութիւն: