image

Իրանեան Ընտրութիւններուն Արդիւնքով 2 Հայ Գործիչներ Երեսփոխան Ընտրուեցան

Իրանեան Ընտրութիւններուն Արդիւնքով   2  Հայ  Գործիչներ  Երեսփոխան Ընտրուեցան

Ուրբաթ, 26  Փետրուարին    Իրանի Իսլամական  Հանրապետութեան մէջ  տեղի  ունեցած    ընտրութիւններուն  արդիւնքով   համայնքի երկու  գործիչներ մուտք գործեցին  իրանեան խորհրդարան: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է    Թեհրան հրապարակուող «Ալիք»ին կողմէ: Աղբիւրը նաեւ   կը գրէ, թէ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր ընտրուած   է Կարէն Խանլարեան, իսկ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր ընտրուած է  Ժորժիկ Աբրահամեան: