«Իմ քայլի» պատգամաւոր Վարդան Աթաբէկեանը դուրս կու գայ խմբակցութենէն՝ համակարծիք չըլլալով խումբի դիրքորոշման հետ: Այս մասին ան յայտնած է իր դիմատետրի էջին:
«ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐ
Ինչպէս ժողովուրդի ճնշող մեծամասնութիւնը, այնպէս ալ ես' մամուլէն տեղեկացեր եմ ստորագրուած յայտարարութեան մասին։
Համակարծիք չըլլալով քաղաքական խումբի դիրքորոշման հետ' կը յայտարարեմ.
1. Դուրս կու գամ ԱԺ «Իմ Քայլը» խմբակցութենէն եւ այսուհետ պիտի գործեմ որպէս անկախ պատգամաւոր։
2.Հետագայ պատգամաւորական գործունէութիւնս պիտի ուղղեմ ստեղծուած իրավիճակէն հնարաւորինս քիչ կորուստներով դուրս գալուն եւ պիտի լծուիմ արցախահայութեան խնդիրներու լուծման։ Միմիայն այս պատճառով է, որ պատգամաւորական մանդատս վար չեմ դներ։
Աստուած մեզ պահապան»։