image

Հուսիները հարուածներ տուած են Թէլ Աւիւին

Հուսիները  հարուածներ տուած են Թէլ Աւիւին

«Անսար Ալլահ» շարժման Եմէնի հուսիները անօդաչու սարքերով հարուածած են Թէլ Աւիւը՝ ըսած է ապստամբներու ռազմական խօսնակ Եահիա Սարիան։

Անոր խօսքով՝ իսրայէլեան հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը չեն կրցած խոցել հուսիներու արձակած անօդաչու թռչող սարքերը, որոնք «հասած են իրենց թիրախներուն»։

Կազայի հատուածին մէջ հակամարտութեան սրումէն ետք «Անսար Ալլահ»ը նախազգուշացուցած էր, որ պիտի հրթիռակոծէ Իսրայէլի տարածքը եւ թոյլ պիտի չտայ անոր հետ կապուած նաւերուն անցնիլ Կարմիր ծովով ու Պապ ալ-Մանտեպի նեղուցով, մինչեւ պաղեստինեան անկլաւի մէջ չդադրեցուին գործողութիւնները: Անցեալ տարուան նոյեմբերէն հուսիները Կարմիր ծովի եւ Ատենի ծոցին մէջ յարձակած են տասնեակ քաղաքացիական նաւերու վրայ։