image

Հոմսի Սբ. Մեսրոպ եկեղեցին պիտի վերակառուցուի

Հոմսի Սբ. Մեսրոպ եկեղեցին պիտի վերակառուցուի

Չորեքշաշբթի, Կիրակի, 16 Մարտ 2016-ին, Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, Ազգ. Իշխանութեան Քաղաքական Ժողովի ատենապետ՝ տիար Աւօ Ոսկեանի եւ Դամասկահայ Շտապ Օգնութեան Մարմինի անդամ տիար Պօղոս խաճարեանի հետ այցելեց Հոմսի Սբ. Մեսրոպ եկեղեցին եւ Ազգ. Սահակեան Վարժարանը: Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ Հոմսի Սբ. Մեսրոպ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ՝ տիար Վազգէն Խաչատուրեանի եւ 70-է աւելի ընտանիքներու կողմէ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սբ. Մեսրոպ եկեղեցւոյ մէջ, ժողովրդային հանդիպում ունեցան Հոմսահայ ընտանիքներուն հետ: Յուզիչ հանդիպման մթնոլորտին մէջ, Սրբազան Հայրը նախ մխիթարական պատգամ մը փոխանցեց ժողովուրդին, յայտնելով իր եւ Դամասկոսի Թեմի Ազգային իշխանութեան զօրակցութիւնն ու օժանդակութեան պատրաստակամութիւնը: Սրբազան Հայրը ի մասնաւորի շեշտեց եկեղեցւոյ եւ դպրոցի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը: Ապա ուրախութեամբ յայտնեց թէ վերականգնումը պիտի սկսի այս տարուայ ամրանը: Այնուհետեւ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի եւ Հսկումի ժամերգութիւն եւ փառաբանական եւ գոհաբանական աղօթք, Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի Հոմսի կայունութեան եւ խաղաղութեան համար:

Յետ ժամերգութեան Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ Հոմսի հայութեան հետ եւ լսեց իրենց մտահոգութիւններն ու խնդիրները: Ապա Սրբազան Հայրը եւ հիւրերը շրջագայելով եկեղեցւոյ շէնքին վնասուած եւ ռմբակոծուած բաժինները հետեւեցան վերանորոգութեան նախնական աշխատանքներուն եւ քննարկեցին հնարաւոր եւ անհրաժեշտ քայլերը Եկեղեցւոյ եւ դպրոցի ամբողջական վերականգնումին առընչութեամբ:

Նշենք, որ Նոյեմբեր 2011-էն ի վեր Սբ. Մեսրոպ եկեղեցին եւ Ազգ. Սահակեան Վարժարանը նմանապէս բռնագրաւուած էին ահաբեկիչ զինեալներու կողմէ: Լռած էին եկեղեցւոյ զանգին ղօղանջներն ու աղօթքները: Դադրած էին վարժարանի դասաւանդութիւնները: Եկեղեցւոյ եւ դպրոցին շէնքը վերածուած էր զինեալներու կեդրոնի, իսկ նկուղին մէջ գտնուող սրահը՝ հիւանդանոցի: Իսկ ուսուցչաց սենեակն ու տեսչարանը դարձած էին մզկիթ աղօթավայրի, մինչ առաջին յարկին մէջ գտնուող եկեղեցին՝ հանրակացարանի եւ հաւաքական ննջասենեակի եւ Եկեղեցւոյ Սուրբ խորանը սրբապղծուած էր:

Ապա Դամասկահայ Շտապ Օգնութեան Մարմինին կողմէ ներկաներուն բաժնեց նիւթական օժանդակութիւն, քաջալերելով զիրենք դիմակայելու եւ հաղթահաելու համար իրենց քաղաքին եւ շրջանին մէջ տիրող դժուարութիւնները:


Դիւան Դամասկոսի Ազգ. Առաջնորդարանի
17 Մարտ 2016