image

ՀՕՄի Պըրպենքի «Արազ» մասնաճիւղը ունեցաւ իր շաբաթօրեայ վարժարանը

ՀՕՄի Պըրպենքի «Արազ» մասնաճիւղը ունեցաւ իր շաբաթօրեայ վարժարանը

Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Պըրպենքի «Արազ» մասնաճիւղը, գործակցաբար Պըրպենքի «Աղբալեան» Շաբաթօրեայ ճամբարին, պիտի ունենայ իր Շաբաթօրեայ վարժարանը: Այսուհետեւ, Հանրային Վարժարան յաճախող հայ երեխան առիթ պիտի ունենայ հայկական վարժարան յաճախելու, ուր պիտի սորվի հայերէն լեզուն (Արեւմտահայերէն եւ Արեւելահայերէն), հայոց պատմութիւն եւ պիտի ծանօթանայ հայկական մշակոյթին:

ՀՕՄի վարժարանի դասընթացքները սկիզբ պիտի առնեն Շաբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2016ի առաւօտեան ժամը 10ին: Ուսուցումը պիտի կատարեն ուսուցչական ասպարէզէն ներս լայն փորձառութիւն ունեցող ազգային մշակներ, որոնք արդիական ուսումնական միջոցներով հայկականութեամբ պիտի լեցնեն իրենց հոգածութեան յանձնուած հայ մանուկները: Դասընթացքները տեղի պիտի ունենան Պըրպենքի «Պէշիր Մարտիրոսեան» երիտասարդական ընդարձակ կեդրոնէն ներս: