Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է կառավարութեան հրաժարականը ներկայացուցած Կարէն Կարապետեանին անոր բեղմնաւոր եւ արդիւնաւէտ աշխատանքին համար:
Այս մասին Սարգսեան յայտնած է Կարապետեանի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին:
«Քանի մը վայրկեան առաջ հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան ներկայացուցած է իր եւ կառավարութեան հրաժարականը: Առաջնորդուելով ՀՀ Սահմանադրութեամբ` ընդունած եմ հրաժականը եւ ստորագրած համապատասխան հրամանագիրը` հանրապետութեան նախագահի առաջին հրամանագիրը, որով այս պահէն Կարէն Կարապետեանը եւ կառավարութիւնը պիտի շարունակեն իրենց գործունէութիւնը` որպէս գործող կառավարութիւն:
Կարճ զրոյցի ընթացքին ես պարոն Կարապետեանին եւս մէկ անգամ շնորհակալութիւն յայտնեցի իր վերջին շրջանի գործունէութեան, բեղմնաւոր եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի համար: Յոյս յայտնեցի ու նաեւ վստահ եմ, որ Կարէն Կարապետեանը ոչ միայն այս կարճ ժամանակահատուածին պիտի շարունակէ աշխատանքը որպէս ժամանակաւոր կառավարութեան ղեկավար, այլեւ` յետագային եւս այս կամ այն ձեւով իր ներդրումը պիտի բերէ եւ՛ կառավարութեան, եւ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, քանի որ տաղանդաւոր մարդիկ, տաղանդաւոր գործիչները, ինչպիսին Կարէն Կարապետեանն է, ցաւօք սրտի շատ չեն: Յուսամ` ապագային աւելին շատ կ՛ըլլան: Կրկին կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել եւ յաջողութիւն մաղթել»,-ըսած է նախագահը:
ՀՀ Սահմանադրութեան համաձայն` կառավարութեան անդամները կը շարունակեն իրենց պարտականութիւններու կատարումը մինչեւ նոր Կառավարութեան կազմաւորումը:
Ապրիլ 9-16 ՀՀ վարչապետի թեկնածուի առաջադրման ժամկէտն է, իսկ Ապրիլ 17-ին խորհրդարանը բաց անուանական քուէարկութեամբ կ’ընտրի ՀՀ վարչապետը: Կառավարութիւնը կը կազմաւորուի վարչապետ նշանակուելէն ետք` տասնհինգօրեայ ժամկէտի մէջ: Իր նշանակումէն ետք վարչապետը հնգօրեայ ժամկէտի մէջ Հանրապետութեան նախագահին կ՛առաջարկէ փոխվարչապետներու եւ նախարարներու թեկնածուները: Հանրապետութեան նախագահը եռօրեայ ժամկէտի մէջ կամ կը նշանակէ փոխվարչապետներն եւ նախարարները, կամ կը դիմէ Սահմանադրական դատարան: Սահմանադրական դատարանը դիմումը կը քննէ եւ որոշում կը կայացնէ հնգօրեայ ժամկէտի մէջ: Եթէ Հանրապետութեան նախագահը եռօրեայ ժամկէտի մէջ չի կատարեր սոյն յօդուածով սահմանուած պահանջները, ապա համապատասխան փոխվարչապետը կամ նախարարը նշանակուած կը համարուի իրաւունքի ուժով:
Կառավարութեան կազմաւորումէն ետք` քսանօրեայ ժամկէտի մէջ, վարչապետը Ազգային ժողով կը ներկայացնէ Կառավարութեան ծրագիրը: