image

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանն այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանն այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն

Երդման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք ՀՀ  նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի ուղեկցութեամբ ՀՀ նախագահը ծաղիկներ խոնարհեց սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն եւ ծաղկեպսակ տեղադրեց Արցախեան պատերազմին զոհուած ազատամարտիկներու ու զինծառայողներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին:

«Եռաբլուր»-ի մէջ ՀՀ ՊՆ զինուորական երգչախումբը կատարեց Զինուած ուժերու քայլերգը: