ՀՀ երրորդ նախագահի գրասենեակը անդրադարձած է Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն ու ստորագրած փաստաթուղթին։
«Արցախեան հիմնախնդրի բանակցային գործընթացի մասին ով խօսի, դուն պէտք է լռես, Նիկո՛լ Փաշինեան: Քու իմացած բանակցային պատմութիւնը՝ բնորոշածդ «կիրթ» ու «կառուցողական» Ալիեւէն լսածդ է, որուն այնքան կը հաւատայիր, որ աւելորդ կը համարէիր այդ գործընթացի մասին հանգամանօրէն տեղեկանալ քու պետութեան՝ բանակցութիւններ վարած նախկին բոլոր ղեկավարներէն:
Իսկ երբ բանակցային պատմութիւնը բացառապէս իր երկրի շահերէն բխող նրբերանգներով ականջիդ շշնջացող թշնամին քու հայրենադաւութենէդ ետք, եթերով դիմելով քեզի, ամբողջ օր մը ամենավերջին ստորացումներու կ'ենթարկէր, կը ծիծաղէր վրադ եւ կը ծաղրէր, ծպտունդ անգամ դուրս չեկաւ:
Արժանապատւութիւն ունեցող որեւէ հայու համար, աշխարհի որ ծայրն ալ ըլլար, այդ մեծագոյն անարգանք էր ու ամօթ, բայց ոչ քեզի համար:
Դուն պատրաստ ես միայն յարձակիլ քաղաքական ընդդիմախօսներուդ վրայ, իսկ հայ ժողովուրդի թշնամիին առջեւ՝ ծունկի գալ:
Դուն կրնաս անամօթաբար ստել ու նենգափոխել պատմութիւնը, վախկոտին բնորոշ ձեւով պատասխանատւութենէն խուսափելու համար մանիփուլաթիւ հնարքներով ամէն ինչ յարմարցնել խայտառակ պարտութիւնդ քօղարկելու մտադրութեանդ:
Անցած երկուքուկէս տարուան մէջ Արցախեան հիմնախնդրի լուծումը տարեր ես բացառապէս հող տալ կամ չտալու ուղղութեամբ, մինչդեռ քեզմէ առաջ բանակցութիւններ վարուած են Արցախը փոխզիջումներու միջոցով Ատրպէյճանի կազմէն դուրս բերելու նպատակով:
ՀՀ երրորդ նախագահը այս եւ շատ ու շատ այլ հարցերու հանգամանօրէն դեռ պիտի անդրադառնայ:
Այլեւս փաստ է, որ պատմութեան մէջ նորանկախ Հայաստանի նախկին բոլոր իշխանութիւնները պիտի յիշատակուին որպէս Հայրենիքը արժանապատուօրէն պաշտպանած, յաղթանակած եւ հողեր ազատագրած իշխանութիւններ, իսկ դուն՝ յանուն աթոռիդ պատերազմին անարժանապատուօրէն պարտուած, Արցախի հողերը յանձնած, բանակցութիւններ վարելու անընդունակ, Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութիւնը լրջագոյն հարուածի տակ դրած վախկոտ եւ ժողովուրդի կողմէ դաւաճանի խարանը ճակատին դրոշմուած ղեկավար:
Պատմութիւնը կը գրուի փաստերով»: