image

ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ողջունեց Սուրիոյ Հրադադարը

ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ողջունեց Սուրիոյ Հրադադարը

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ'ողջունէ Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններու դադարեցման վերաբերեալ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համաձայնութիւնը: Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱԳ նախարարութեան ֆէյսպուքեան էջին վրայ:
«Ողջունում ենք ՌԴ եւ ԱՄՆ միջեւ համաձայնութիւնը` Սիրիայում ռազմական գործողութիւնների դադարեցման վերաբերեալ»,- կը նշէ ԱԳՆ-ն: Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ աջակցման միջազգային խումբի գիծով միւս գործընկերներուն միջեւ ըմբռնում ձեռք բերուած է մարտական գործողութիւններու դադարեցման պայմաններուն շուրջ:
Նշենք, որ նախապէս հրապարակուած էր Սուրիոյ մէջ հրադադարի վերաբերեալ Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի համատեղ յայտարարութիւնը, որու համաձայն` հրադադարը ուժի մէջ պիտի մտնէ փետրուար 27-ին` Դամասկոսի ժամանակով ժամը 00:00-ին: