Եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները գլխաւորած դեսպան՝ Ռուբէն Կարապետեան հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարի խորհրդականի պաշտօնէն։
Այս մասին Կարապետեան յայտնած է իր դիմատետրի էջով՝ կիսուելով ընկերներէն մէկուն գրառմամբ, որուն կից գրած է․ «Երէկ աշխատանքէն ազատման դիմումս ներկայացուցած եմ ԱԳ նախարարին»։
Ռուբէն Կարապետեան ՀՀ ԱԳ նախարարի խորհրդական նշանակուած էր 2019 թուականին։