image
Հրատապ լուրեր:

Հազարաւոր սուրիացիներ պատրաստ են որդեգրել հրաշքով փրկուած նորածինը

Հազարաւոր սուրիացիներ պատրաստ են որդեգրել  հրաշքով փրկուած նորածինը

Սուրիացի աղջիկը, որուն մայրը լոյս աշխարհ բերած է օրերս տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքով առաջացած փլատակներու տակ գտնուելու ժամանակ, այժմ անուն ունի:

Ինչպէս գրած է Daily Mail-ը, անոր անուանակոչած են Այա, որ արաբերէն կը նշանակէ «հրաշք». պարբերականը նկատած է, որ սա յարմար անուն է նորածինի համար, որ լոյս աշխարհ եկած է նման դաժան պայմաններու մէջ եւ, ի տարբերութիւն մօրը, յաջողած է ողջ մնալ: 

Անունը անոր շնորհած է բժիշկ Խալիտ Աթիան՝ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի Աֆրինի մանկական հիւանդանոցի ղեկավարը:

Այան մէկն է այն մեծ թուով որբերէն, որոնք որբ մնացած են երկուշաբթի տեղի ունեցած 7,8 ուժգնութեամբ երկրաշարժի հետեւանքով: Շատ պարագաներու որբ երեխաներուն կը վերցնեն հազարատները, պատմած են բժիշկներն ու փորձագէտները։ Բայց շատ պարագաներու ողջ մնացած հարազատները ստիպուած են գործ ունենալ նաեւ երկրաշարժի հետեւանքով առաջացած խնդիրներու հետ:

Նորածին Այայի պարագային հիւանդանոցէն դուրս գալէն ետք անոր պիտի վերցնէ հօր հօրեղբայրը՝ Սալահ ալ-Պատրանը: Սակայն հազարաւոր մարդիկ առաջարկած են որդեգրել աղջկան:

«Ես հիմա թոյլ չեմ տար որեւէ մէկուն որդեգրել անոր: Քանի դեռ անոր հեռու բարեկամները չեն եկած, ես անոր կը վերաբերիմ հարազատիս պէս», - AP-ին ըսած է Աթիան։

Առայժմ անոր կինը սեփական երեխայի հետ մէկտեղ կրծքով կը կերակրէ նաեւ Այային: