«FlyOne Armenia» hայկական առաջին ազգային օդանաւային ընկերութիւնը յայտնած է, որ հայազգի միակ կին օդաչու Նադեժդա Բենկլեանը միացած է «FlyOne Armenia»-ի խումբին:
Նադեժդա Բենկլեանը Վրաստանի հայազգի առաջին կին օդաչուն է։ Աշխատած է վրացական «Georgian Airways» օդանաւային ընկերութեան մէջ եւ ապացուցած, որ կանայք կրնան ունենալ իրենց ուրոյն տեղը օդագնացութեան ոլորտի մէջ։ 2022թ․ սեպտեմբերէն, բարեյաջող անցնելով վերապատրաստումը Վիլնիւս քաղաքին մէջ, Նադեժդան համալրած է «FlyOne Armenia»-ի խումբը՝ որպէս օդաչու:
Կարեւորելով հայ մասնագէտներու առկայութիւնը՝ հայկական ազգային օդային փոխադրող «FlyOne Armenia»-ն Հայաստան վերադարձուցած է օդագնացութեան ոլորտի հայազգի մասնագէտներ: Այսուհետ թռիչքները պիտի իրականացնեն հայազգի օդաչուները, օդանաւային ընկերութիւնն ալ հայերէնով պիտի ողջունէ ուղեւորները ու բարի թռիչք մաղթէ։
FLYONE ARMENIA ընկերության մասին
«FlyOne Armenia»-ն (www.flyone.am) հիմնադրուած է 2021 թ.։ Հոկտեմբեր 27-ին ՀՀ Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէն «FlyOne Armenia»-ին տրամադրած է օդանաւ շահագործողի վկայական: Ընկերութիւնը ստացած է IATA 3F երկնիշ եւ ICAO FIE եռանիշ ծածկագրերը:
Ընկերութիւնը այսօր կ'իրականացնէ թռիչքներ Ռուսիոյ Դաշնութեան՝ Մոսկուա, Ս. Փեթերսպուրկ, Եկատերինպուրկ, Սոչի, Միներալնիէ Վոտի քաղաքներ, եւրոպական՝ Փարիզ, Լիոն, Միլան քաղաքներ, Մերձաւոր Արեւելքի՝ Պէյրութ, Տուպայ եւ Թէլ Աւիւ քաղաքներ: Ընկերութեան թռիչքային ուղղութիւններէն են նաեւ Վրաստանը, Թուրքիան եւ Մոլտովան:
Ընկերութեան նաւատորմը բաղկացած է Airbus A320 եւ Airbus A319 օդանաւերէ։ Ատոնք նախատեսուած են 180 եւ 144 նստատեղի համար եւ կը համապատասխանեն Օդային փոխադրութեան միջազգային միութեան (IATA) եւ EASA Security-ի բոլոր չափանիշներուն:
Նիւթը՝ Araratnews.am-էն