image

Հայաստանի նախագահը սքանտալի կեդրոնին. «Տէյլի Մէյլ»

Հայաստանի նախագահը սքանտալի կեդրոնին. «Տէյլի Մէյլ»

Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան բրիտանական մամուլի մէջ քննադատութեան արժանացած է Եղիսաբէթ 2-րդ թագուհիի հանդէպ անյարգալից վերաբերմունք դրսեւորելու համար:

Ինչպէս հաղորդած է Daily Mail-ը, ան նկարուած եւ զրուցած է օգնականներու հետ, երբ այցելած է Ուեսթմինսթըրեան սրահ, ուր դրուած եղած է թագուհիի աճիւնը:

Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ Վահագն Խաչատուրեան խոնարհած է հանգուցեալ միապետի դագաղի առաջ, այդ ժամանակ, հակառակ չլուսանկարելու մասին զգուշացման, անոր լուսանկարած են բջջային հեռախօսով: Հրապարակուած լուսանկարներէն պարզ կը դառնայ, որ Խաչատուրեանին լուսանկարողը Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ՀՀ դեսպան Վարուժան Ներսիսեանն է:

Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ ականատեսները պնդած են՝ Հայաստանի ղեկավարը Ուեսթմիսթըրեան սրահին մէջ անընդհատ խօսած է:

Ինչպէս նշած է աղբիւրը, Վահագն Խաչատուրեանի գործողութիւնները կը հակասեն պալատի խիստ կանոններուն, ըստ որոնց՝ կ'արգիլուի լուսանկարել կամ տեսանկարահանել սրահը, ուր դրուած եղած է թագուհիի աճիւնը եւ հարկաւոր է յարգալից վարք դրսեւորել:

Ըստ աղբիւրի՝ յստակ չէ՝ արդեօք Խաչատուրեան պիտի մասնակցի թագուհիի թաղման երկուշաբթի երեկոյեան: