Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահները Մոսկուայի մէջ պիտի քննարկեն ԼՂ հարցը

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահները Մոսկուայի մէջ պիտի քննարկեն ԼՂ հարցը

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 մարտին պաշտօնական այցով պիտի մեկնի Մոսկուա, ուր պիտի մնայ երկու օր: Այցելութեան ընթացքին ան հանդիպում պիտի ունենայ իր ռուս գործընկեր Վլատիմիր Փութինի հետ, կը գրէ «Իզվէսթիա» թերթը:

Սերժ Սարգսեանը եւ Վլատիմիր Փութինը պիտի քննարկել երկկողմ համագործակցութեան առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակը: Բացի այդ, աղբիւրների տեղեկութիւններով, կողմերը մտադիր են ստորագրել շարք մը ներդրումային համաձայնագիրներ:

Աւելի վաղ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած է, որ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցով Մոսկուա պիտի այցելէ ՌԴ-ի եւ ՀՀ-ի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու ծիրէն ներս: