image

Հայաստան-Իսրայէլ միջազգային համաժողով Թէլ Աւիւի մէջ

Հայաստան-Իսրայէլ միջազգային համաժողով Թէլ Աւիւի մէջ

19 Յունուարին ՀՀ խորհրդարանական պատուիրակութիւնն ու անոր կազմին Իսրայէլ մեկնած շարք մը հասարակական գործիչներ մասնակցած են Հայաստան-Իսրայէլ հասարակական միջազգային երկրորդ համաժողովին, որ տեղի  ունեցած է Թէլ Աւիւի մէջ: Այս մասին կը յայտնեն  ՀՀ ԱԺ հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն։  

Միջոցառման բացման ելոյթներով հանդէս եկած են Հայաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ խորհրդարանական բարեկամական խումբերու ղեկավարներ Թալի Փլոսքով եւ Արտակ Զաքարեան: Համաժողովի աշխատանքները համակարգած են Հայկ Քոթանջեան եւ Ալեքսանտր Ցինքըր: Համաժողովին նախորդող երեք օրերուն հայկական եւ հրէական կողմերու համապատասխան ոլորտներու ներկայացուցիչներ ունեցած են շարք մը քննարկումներ:

Առանձնացուած են ոլորտային  շարք մը ծրագիրներ, որոնց շուրջ յառաջիկայ շրջանին համատեղ աշխատանքներ պիտի իրականացուին:

Նախատեսուած է յաջորդ համաժողովն իրականացնել Երեւանի մէջ՝ Ապրիլին, իսկ մինչ այդ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու ծիրէն ներս կը նախատեսուի  համատեղ աշխատանքներ իրականացնել: