Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երկուշաբթի հրամանագիր ստորագրած է պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինին ներում շնորհելու մասին, կը յայտնէ ատրպէյճանական «Թրենտ» գործակալութիւնը:
Հրամանագիրը ուժի մէջ կը մտնէ ստորագրման օրուընէ ի վեր:
«Պատիժի կրումէն ազատել ծանր յանցագործութիւններու վերաբերեալ 2017 թուականի 20 յուլիսին Պաքուի դատարանի որոշմամբ ազատազրկման տեսքով պատիժի դատապարտուած 1976 թուականին ծնած Իսրայէլի քաղաքացի Ալեքսանտր Լաթշինի: Հրամանագիրը ուժի մէջ կը մտնէ ստորագրման օրուընէ»,- ըսուած է հրամանագիրին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանը պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինին դատապարտած էր երեք տարուան ազատազրկման: Ինչպէս նշուած է դատավճիռին մէջ, Ալեքսանտր Լափշին մեղաւոր ճանչցուած է 318.2 յօդուածով, որ կը նախատեսէ պատիժ «յանցաւոր խումբի կազմին մէջ Ատրպէյճանի պետական սահմանները անօրինական կերպով հատելու համար»:
Դատախազը խնդրած էր Լափշինի նկատմամբ սահմանել պատիժ՝ 6,5 տարուայ ազատազրկման տեսքով: