image

Հակառակորդը խախտած է հրադադարը՝ կիրառելով դիպուկահար հրացաններ. ԼՂՀ ՊՆ

Հակառակորդը խախտած է հրադադարը՝ կիրառելով դիպուկահար հրացաններ. ԼՂՀ ՊՆ

Անցեալ գիշեր ղարաբաղեան սահմանի բոլոր հատուածներուն հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 70 անգամ, որու ընթացքին հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 600 կրակոց: 
 

Հարաւային, արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան ուղղութիւններով ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաև «Սեւ նետ», «ԻՍՏԻԳԱԼ» եւ «ՍՎԴ» տիպի դիպուկահար հրացաններ՝ ընդհանուր առմամբ արձակելով շուրջ 90 կրակոց: 

Այս մասին կը այտնեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ  ծառայութենէն։