image

Հակառակ ձիւնաթափին, եղանակը պիտի տաքնայ

Հակառակ ձիւնաթափին, եղանակը պիտի տաքնայ

Հանրապետութեան տարածքին` 29 յունուարի ցերեկը, 30-31-ը, փետրուար 1-2-ը, 3-ի գիշերը առանձին շրջաններու մէջ ժամանակ առ ժամանակ կը սպասուի ձիւն եւ մառախուղ։ Փետրուար 3-ի ցերեկը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ:

Քամին՝ արեւմտեան` 2-5 մ/վ: Օդի ջերմաստիճանը 30 յունուարի ցերեկը պիտի բարձրանայ 1-3 աստիճանով։

Երեւանի մէջ յունուար 30-31-ը, փետրուարի 1-2-ը ժամանակ առ ժամանակ կը սպասուի թոյլ ձիւն եւ մառախուղ: Փետրուար 3-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ:

Այսօր մայրաքաղաքին մէջ ցերեկը՝ +3+5։