image
Հրատապ լուրեր:

ԳՈՀԱՐ-ը Կը Պատրաստուի Իր Պէյրութեան Շրջապտոյտներուն

ԳՈՀԱՐ-ը Կը Պատրաստուի Իր Պէյրութեան Շրջապտոյտներուն

Կիւմրիի  ԳՈՀԱՐ երաժշտական խումբը (սիմֆոնիկ նուագախումբ եւ երգչախումբ)  մեծ  ոգեւորութեամբ կը պատրաստուի պէյրութեան    իր շրջապտոյտին:  Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Արեւելք»ի մեր  թղթակիցը, որ Կիւմրիի մէջ երէկ ներկայ էր ԳՈՀԱՐ-ի գլխաւոր փորձերուն եւ փոխանցեց, որ խումբը կազմ ու  պատրաստ է յառաջիկայ համերգներուն: 1997-ին  արուեստասէր  Յարութ Խաչատուրեանի եւ անոր  եղբայրներու օժանդակութեամբ   հիմնուած հայկական  երաժշտական  ամէնէն մեծ համոյթը տարուետարի ընդլայնած է իր գործունէութիւնը` համերգներ ունենալով աշխարհի  հայաշատ երկիրներու մէջ եւ կը պատրաստուի կրկին նուաճել նոր բեմեր:   Այսօր ԳՈՀԱՐ-ն ունի 185 անդամ,  որոնք կը կիսեն ղեկավարներու  եւ ԳՈՀԱՐ-ի նուիրեալերու գաղափարը` ամբողջ աշխարհի տարածքին տարածել հայկական երգն ու  մշակոյթը:  Իր այս առաքելութեան մէջ  բարձրօրէն գնահատուած ԳՈՀԱՐ-ը կը  մնայ հայաշխարհի մէջ      ամէնէն փնտռուած ու սիրուած երաժշտախումբը: ԳՈՀԱՐ-ի նոր խմբավարն է  Նաթալի Գալստեան,  որ փոխարինած է Կիպրոսի մէջ    տարի  մը առաջ  իր մահանացուն կնքած Մաէսթրօ  Սեպուհ Աբգարեանը:   Լիբանանի  «Ֆորում տը Պէյրութ» կեդրոնին մէջ  29, 30, 31 Հոկտեմբերին եւ 1 Նոյեմբերին   մէջ տեղի ունենալիք ԳՈՀԱՐ-ի չորս համերգները խումբը  ձօնուած  եւ  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին եւ կը ներկայանայ նոր երգացանկով եւ համերգային նոր բեմադրութեամբ: 4 համերգներու ընթացքին կը հնչէ  100 երգ, որոնց մեծ մասը նորութիւն է ԳՈՀԱՐ-ի երգացանկին մէջ: Ինչպէս միշտ` համերգներէն գոյացած հասոյթը կը փոխանցուի հայկական վարժարաններուն: «Արեւելք»  առաջիկային կը ներկայացնէ ԳՈՀԱՐ-ի պատասխանատուներուն  եւ խմբավարին հետ ունեցած իր հարցազրոյցները: 

 

լուսանկարի  մէջ` դրուագ մը խումբի  փորձերէն