image
Հրատապ լուրեր:

Գանատահայ Երիտասարդ Բժիշկը «2015 Տարուան Լաւագոյն Ուսուցիչ» Մրցանակին Տիրացած Է

Գանատահայ  Երիտասարդ Բժիշկը    «2015   Տարուան   Լաւագոյն Ուսուցիչ»  Մրցանակին Տիրացած Է

Գանատահայ  բժիշկ  Արի- Նարեկ Մկրտիչեան 2015 տարուան լաւագոյն ուսուցիչ եւ դաստիարակի մրցանակ ստացած է: Այս մասին կը գրէ Մոնթրէալ հրապարակուող «Հորիզոն»ը, որ կը յայտնէ նաեւ, թէ  մրցանակաբաշխութիւնը  կայացած է անցեալ 30 Նոյեմբերին, Մոնթրէալի «ՄըքԿիլ» համալսարանի բժշկական բաժանմունքի ուռուցքաբանութեան (Oncology) բաժնի տարեկան գիտաժողովին ընթացքին: Հանդիսութեան ընթացքին բաժնի նախագահ՝ վիրաբուժութեան եւ ուռուցքաբանութեան աջակից (associate) փրոֆեսոր, բժիշկ  Էտուարտօ  Ֆրանքօ ներկայացուցած է Մկրտիչեանի ամփոփ կենսագրականը, նշելով  անոր համալսարաններէն յաճախ ստացած բարձրագոյն վկայականները եւ  2010 թ.էն սկսեալ վարած բազմաթիւ պաշտօնները:  Կը նշուի նաեւ, որ մրցանակակիրը անդամ է Գանատայի բժշկական խորհուրդի քննութիւններու յանձնախումբին եւ բժիշկներու ու վիրաբուժներու Արքայական Գոլէճի  մասնագիտական յանձնախումբին։ Բժ. Մկրտիչեան այժմ կը գործէ «ՄըքԿիլ» համալսարանի Առողջապահական կեդրոնին մէջ՝ որպէս գիտահետազօտող եւ վիրաբոյժ-ուռուցքաբան։ Ան հեղինակն է անձնական հետազօտութիւններու վրայ հիմնուած բազմաթիւ յօդուածներու եւ հրատարակութիւններու։ Ներկայիս Մկրտիչեան իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է քաղցկեղէ տարապող հիւանդներու խնամքի որակի բարելաւման, դարմանական աշխատանքին մէջ առողջապահական տեղեկաբանութեան միջոցներու համարկումին, ինչպէս նաեւ բժիշկներու ձեռնհասութեան գնահատումին վրայ։  Երիտասարդ բժիշկը մաս կը կազմէ  Մոնթրէալի «Սուրբ Յակոբ» Ազգային Վարժարանի «Պաստրմաճեան» երկրորդականի շրջանաւարտներու փաղանգին։