Օրեր առաջ Գամիշլիի մէջ զոհուած հայորդիներուն համար հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ վաղը առաւօտեան ժամը 9-ին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Գամիշլիի հայ կաթողիկէ Սուրբ Յովսէփ եկեղեցւոյ մէջ: Հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի նաեւ Պէյրութի առաջնորդանիստ Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Հռոմի, Աթէնքի Մոնթրէալի եւ Լոս Անճելըսի հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ: Նշենք, որ Տահէշի կողմէ կատարուած ահաբեկչութեան հետեւանքով ինկած էին 16 զոհեր, որոնց հայեր էին ՝ Էլի Քասպո, Ապուտ Հաճիքի, Րամի Թարզիպաշի (հայ կաթողիկէ) եւ Անթուն Եուսէֆ (հայ առաքելական):