Եւրոմիութիւնն է որ դաւաճանած է հայերուն. Զախարովա

Եւրոմիութիւնն է որ դաւաճանած է հայերուն. Զախարովա

«Եւրոմիութիւնը դաւաճանեց Հայաստանին, ոչ թէ Ռուսիան, Պրիւքսէլը չէր ալ մտածեր հրադադարի հաստատման եւ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու մասին»։ Այս մասին ճեպազրոյցին այսօր յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։

«Ինչպէս ռուս խաղաղապահները հանդէս եկան որպէս միջնորդներ հրադադարի հասնելու համար, այդ նկատեց նաեւ Եւրոմիութիւնը դուրսէն՝ անգամ չմտածելով որեւէ գործնական օգնութիւն ցուցաբերել անոր, թէ ինչպէս մեր երկրի ներկայացուցիչները կազմակերպեցին մարդասիրական օգնութեան առաքումը Լեռնային Ղարաբաղ այն բանէն ետք, երբ Լաչինի միջանցքը ապաշրջափակուեցաւ: Ինչպէս անոնք ղարաբաղցիներուն կ'ուղեկցէին Հայաստան, Եւրոմիութիւնը այս ամէնուն նայեցաւ լուռ, կողքէն»,- ըսած է դիւանագէտը՝ նշելով՝ այն խօսակցութիւնները, թէ ՀՀ-ին դաւաճանած է Ռուսիան, համաձայնութիւններ եղած են Մոսկուայի միջնորդութեամբ, սխալ են, ԵՄ-ն ինքը դաւաճանած է հայերուն:

Զախարովան ընդգծած է, որ ԵՄ առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ չապահովեր կայունութիւն կամ ապամագլցում։

«Գլխաւոր խնդիրը ոչ թէ Հայաստանի անվտանգութիւնն է եւ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստելը, այլ Պրիւքսէլի շահերէն բխող հետախուզական հսկողութիւնը եւ իրավիճակի հրահրումը:

Սկիզբը անոնք զբաղուած էին Հայաստանին ուղղուած յորդորներով եւ խոստումներով, պարզապէս պաշտօնական Երեւանին ձգեցին իրենց յաջորդ ծուղակը, իսկ յետոյ դարձան լուռ վկաներ, թէ ինչպէս զարգացած է իրավիճակը,- շարունակած է Զախարովան։