Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն, խօսելով ՀԱՊԿ-ի հարցով Հայաստանի դիրքորոշման մասին, ըսած է, որ Երեւանը պէտք չէ նեղանայ կազմակերպութենէն: Այս մասին գրած է «ՊելԹԱ»-ն:
Երկրի ղեկավարը նշած է, որ այս թեման մէկ անգամ չէ, որ քննարկուած է, եւ պէտք է հասկնալ, որ ՀԱՊԿ բոլոր անդամներու համար Ատրպէյճանը օտար երկիր չէ։
«ՀԱՊԿ-ի մէջ կան բազմաթիւ իսլամական երկիրներ, դուք ալ կը հասկնաք, որ մասամբ այստեղէն կու գայ համապատասխան դիրքորոշումը։ Եւ երրորդ՝ Հայաստանը կ՚ուզէր, որ մենք ներքաշուէի՞նք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմին։ Այդ պարագային պատերազմը մինչեւ հիմա կը շարունակուէր, եւ հազարաւոր մարդիկ կը զոհուէին»,-ըսած է Պելառուսիոյ ղեկավարը։
Ան նշած է, որ Հայաստանի մէջ իշխանական համակարգն այնպէս կառուցուած է, որ ՀԱՊԿ-ին անդամակցելու հարցը պէտք է խորհրդարանէն ներս որոշուի:
«Այնտեղ Փաշինեանը չի կրնար որոշում կայացնել՝ մտնել, թէ դուրս գալ, այնտեղ խորհրդարանը կ՚որոշէ։ Կը կարծեմ՝ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ խելամիտ մարդիկ մեծամասնութիւն են:Մեր, ՀԱՊԿ-ի դէմ դժգոհութիւններ չեն կրնար ըլլալ», -աւելցուցած է Լուքաշենքօն:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը France 24 հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին ըսած էր, որ Հայաստանի մասնակցութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) այս պաուն «սառեցուած» է։
«Մեր կարծիքով՝ հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրը Հայաստանի նկատմամբ կեանքի չի կոչուել, յատկապէս՝ 2021-2022 թուականներին։ Սա չէր կարող վրիպել մեր ուշադրութիւնից։ Մենք «սառեցրել» ենք մեր մասնակցութիւնն այս պայմանագրին։ Տեսնենք՝ ինչ կը լինի յետոյ»,-ըսած է ան։