Յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է Սարգիս Գաբոյեան: 1936-ին Հալէպ ծնած Գաբոյեան եղած է անդամ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Ան, որպէս ազգային բարերար իր մասնակցութիւնը բերած է գաղութի կեանքին: Հանգուցեալին յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի 7 Յունուար 2016–ին Երեւանի Մալաթիա շրջանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք մարմինը պիտի ամփոփուի «Արին Բերդ» գերեզմանատան մէջ: Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին «ՀԱԼԷՊ» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կեդրոնէն ներս (հասցէ ՝ Վարդանանց փակուղի 8,տարածք 3, Ջուրի հիմնարկի շէնքի ստորին հատուած) նոյն օրը, յետմիջօրէի ժամը 3:30-էն սկսեալ: