Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Միութեան գագաթնաժողովի մասնակիցները չեն կրցած վերջնական համաձայնութեան գալ Եւրոմիութեան նոր ղեկավարութեան, այդ շարքին Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահի նշանակման շուրջ. այս պաշտօնին երկրորդ ժամկէտի համար կը յաւակնի Ուրսուլ ֆոն տեր Լեյէն: Այս մասին լոյս յունիս 18-ի գիշերը յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելը։
«dpa» գործակալութեան աղբիւրների համաձայն, անհամաձայնութեան պատճառներէն մէկն այն էր, որ աջ կեդրոնամէտ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) ներկայացուցիչները, որոնք կը ներառեն Գերմանիոյ Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութիւնը (CDU) եւ Քրիստոնեայ-սոցիալական միութիւնը (CSU) կ՚ուզէր ապահովել, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահի պաշտօնին նշանակումը մէկանգամէն հինգ տարի չըլլայ։ Սա կը նշանակէր, որ տեսականօրէն Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւնը կրնայ այդ պաշտօնին յաւակնել երկուքուկէս տարիէն։ Սոցիալ-դեմոկրատները, սակայն, համաձայն չեն եղած այս առաջարկի հետ։
Յունիսի սկիզբը կայացած Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններուն Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւնը դարձած է ամենաուժեղ քաղաքական ուժը։ Հետեւաբար հաւանական համարուած էր, որ անոր առաջատար թեկնածուն՝ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէն, կրնար մնալ ԵՄ յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին եւս հինգ տարի։
ԵՄ երկիրներու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ յաջորդ շաբթուան վերջը։ Կրկին պիտի քննարկուին Եւրոմիութեան բարձրագոյն պաշտօններու թեկնածուները: