image

Էլոն Մասք «բախում» ունեցաւ Անգլիոյ վարչապետին հետ

Էլոն  Մասք «բախում» ունեցաւ Անգլիոյ վարչապետին հետ

Ամերիկեան Tesla, SpaceX, X ընկերութիւններու սեփականատէր Էլոն Մասք եւ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ սըր Քիր Սթարմըր «բախում» ունեցած են, երբ միլիարատէրը պնդած է, որ Մեծն Բրիտանիան կ’երթայ դէպի «քաղաքացիական պատերազմ»:

Ինչպէս գրած է telegraph.co.uk-ը, Մասքի եւ վարչապետի «վէճը» պայմանաւորուած է Մեծն Բրիտանիոյ քաղաքներուն մէջ օրեր շարունակ տիրող անկարգութիւններով եւ այն մեղադրանքներով, որ ընկերային ցանցերը կը խթանեն այդ անկարգութիւնները:

Նշենք, որ ցոյցերը, բախումները ու անկարգութիւնները կազմակերպուած են ծայրայեղ աջերու կողմէ եւ ուղղուած են իսլամ ներգաղթեալներու դէմ: Անոնք սկսած են երբ ներգաղթեալը դանակահարած եւ սպաննած է երեք երեխայ:

Իր մեկնաբանութեամբ Մասք ըսած է, որ «քաղաքացիական պատերազմը անխուսափելի է», ինչը բացայայտօրէն մերժուած է Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետի պաշտօնական խօսնակի կողմէ:

«Նման մեկնաբանութիւններ արդարացում չունին, եւ այն, ինչ մենք կը տեսնենք այս երկրին մէջ, կազմակերպուած աւազակութիւն է եւ տեղ չունի ո՛չ մեր փողոցներուն մէջ, ո՛չ առցանց», - նշած է խօսնակը։

Այնուհետեւ Մասք պատասխանած է Սթարմըրի՝ X-ի էջին ըրած գրառմամբ՝ կասկածի տակ առնելով մզկիթներու համար լրացուցիչ պաշտպանութիւն ապահովելու վարչապետի որոշումը:

Սթարմըր իր յայտարարութեան մէջ նշած էր, որ բրիտանական իշխանութիւնները «չեն հանդուրժեր մզկիթներու կամ իսլամական համայնքներու վրայ յարձակումները»: Մասք արձագանգած էր.«Արդեօք Ձեզ պէ՞տք չէ անհանգստացնեն *բոլոր* համայնքներու վրայ եղած յարձակումները»։

Բրիտանական պարբերականը կը նկատէ, որ Մասքի եւ Սթարմըրի միջեւ ստեղծուած իրավիճակը կը բարդացնէ Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութեան ջանքերը՝ ստիպելու ընկերային ցանցերու ընկերութիւններուն, ներառեալ X-ին, աւելի գործնական ըլլալ՝ հեռացնելու ապատեղեկատւութիւնը, որ, ենթադրաբար, կը հրահրէ անկարգութիւնները:

Աղբիւրը կը գրէ, որ Մասք նախապէս քննադատուած էր ծայրայեղ աջ գործիչներու օգտահաշիւները աշխուժացնելու համար: