image

Եղանակը պիտի հովանայ

Եղանակը պիտի հովանայ

Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը յայտնած է, որ առաջիկայ օրերուն հանրապետութեան հովտային եւ նախալեռնային գօտիներուն մէջ բարձր կարգի հրդեհավտանգ իրավիճակը կը պահպանուի:

6 Oգոստոսի կէսօրէն ետք, 7-8-ի գիշերը եւ կէսօրէն ետք ՀՀ առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, առանձին հատուածներու մէջ՝ կարկուտ: 9-11 Օգոստոսին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ:

Քամին՝ հարաւարեւմտեան՝ 2-5 մ/վ: Երեկոյեան ժամերուն եւ ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 15-20 մ/վ։ Օդի ջերմաստիճանը 6-8 օգոստոսին աստիճանաբար պիտի նուազի 3-5 աստիճանով:

Երեւանի մէջ 6-8 օգոստոսի երեկոյեան ժամերուն եւ գիշերը քաղաքի առանձին հատուածներուն մէջ հնարաւոր է կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ։ 9-11 Oգոստոսին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: Երեկոյեան ժամերուն եւ ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 15-20 մ/վ արագութեամբ: