Եմէնի «Անսար Ալլահ» շարժման հուսիներն Ատենի ծոցին մէջ հրթիռային յարձակում գործած են բրիտանական Rubymar նաւու վրայ, որու հետեւանքով նաւուն լուրջ վնաս հասած է. այն կրնայ խորտակուիլ։ Այս մասին ըսուած է ապստամբներու յայտարարութեան մէջ, որ մէջբերած է reuters.com-ը։
«Եմէնի ռազմածովային ուժերը ռազմական գործողութիւն իրականացուցած են՝ Ատենի ծոցին մէջ, քանի մը հրթիռներով խոցելով բրիտանական Rubymar նաւը»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակած է շարժման ներկայացուցիչ Եահըիա Սարիան իր թելեկրամեան ալիքին վրայ:
Ըստ ապստամբներու՝ նաւը «լուրջ վնաս կրած է» եւ ամբողջովին կանգ առած։ Նշուած է, որ Rubymar-ն Ատենի ծոցին մէջ խորտակուելու վտանգի տակ է: