image

Բարի Լուր Նիւ Եորքէն. Լոյս աշխարհ եկած է Սարգիս Խռլոբեանը

    Բարի Լուր Նիւ Եորքէն. Լոյս աշխարհ եկած է Սարգիս Խռլոբեանը

 Պատուելի Հայկ կը պատկանի սերունդի մը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ծնած ըլլալով հանդերձ ունի ազգային ջիղ եւ այսօր իր ծառայութիւնը կը բերէ Հայ Աւետարանական դարաւոր եկեղեցիին։

 

Օրերս բարի լուր ստացանք Նիւ Եորքէն։

Լոյս աշխարհ եկած է  Հայկ եւ Նէնսի Խռլոբեան ամոլի երկրորդ մանչ որդին՝ Սարգիս-Թայսընը։

Խռլոբեաններու առաջին որդին՝ Ալեքսանտր- Աւետիսը ծնած էր 2020 թուականի հոկտեմբերին՝ 44 -օրեայ պատերազմի օրերուն։

Պատուելի Հայկ Խռլոբեան Հայ Աւետարանական Նիւ Եորքի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է եւ ան այս ծառայութեան կոչուած է վերջին տարիներուն ԱՄՆ -ի մէջ մասնագիտական եւ կրօնագիտական ուսում ստանալէ ետք։

Խռլոբեանները կը սերին Մարաշէն, եւ այդ դարաւոր ընտանիքը եղած է քրիստոնէական ընկալումներու տէր յայտնի գերդաստան մը, որմէ սերած եւ ծառայութիւն բերած են տասնեակ հովիւներ։

Պատուելի Հայկ կը պատկանի սերունդի մը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ծնած ըլլալով հանդերձ ունի ազգային ջիղ եւ այսօր իր ծառայութիւնը կը բերէ Հայ Աւետարանական դարաւոր եկեղեցիին։

Կը բաժնենք Խռլոբեաններու այս մեծ ուրախութիւնը եւ խաղաղ երկինք ու ապահով ճանապարհ կը մաղթենք փոքրիկն՝ Սարգիսին։ 

 

 

 

 Լուրը  ՝«Արեւելք»ի