Լիբանան- Լիբանանի ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ ցուցարարներու միջեւ բախումներ գրանցուած են: Երկրի աղբահանութեան խնդրին լուծման պահանջով սկիզբ առած հաւաքը վերածուած է բախումներու, երբ ցուցարարները փորձած են Ռաշիտ Սոլհ հրապարակին մօտ գտնուող վարչապետարանի ճանապարհին վրայ եղող փշաթելերը հանել: Ապահովական մարմիններ ձերբակալած են 4 աքթիւիսթներ: Նշենք նաեւ, որ ցոյցը մինչեւ այս պահը կը շարունակուի եւ ապահովական մարմիններ ջրցան մեքենաներ կ'օգտագործեն ցրուելու համար ցուցարարները: Յիշեցնենք, որ շուրջ ամիսէ մը ի վեր «Ալ Նահմէ շրջանի աղբանոցի փակումէն ետք երկրին մէջ աղբահանութեան սուր տագնապ առաջացած էր: Կառավարութիւնը յառաջիկայ օրերուն պիտի հրապարկէ անունը այն ընկերութեան, որ գործող Sukleen ընկերութիւնը պիտի փոխարինէ եւ իրականացնէ մայրաքաղաքի եւ տարբեր արուարձաններու աղբահանումը: