Անցած գիշեր արցախեան սահմանին վրայ հակառակորդը ականանետերէ, նռնականետերէ ու տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է աւելի քան 100 անգամ՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 1200 կրակոց:
Շփման գիծի հարաւ-արեւելեան, արեւելեան եւ հիւսիս-արեւելեան ուղղութիւններով ազրպէյճանական զինուժը ‹‹TR-107›› տիպի հրթիռահրետանային կայանքներէ, 60 եւ 82 միլիմեթրանոց ականանետերէ, ձեռքի հակաթանկային, հակաթանկային հաստոցաւոր, հաստոցաւոր ինքնավար ու ենթափողային նռնականետերէ ընդհանուր առմամբ արձակելով 51 արկ:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն՝ անհրաժեշտութեան պարագային դիմելով նաեւ պատասխան գործողութիւններու: